Ամերիկայէն 41 Միլիոն Տոլար՝ Հայաստանին Եւ 8 Միլիոն՝ Արցախին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9-ին, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ տարուան Միացեալ Նահանգներու ամավարկին մէջ 41 միլիոն տոլար նկատի ունենալ Հայաստանի օժանդակութեանց համար, իսկ Արցախի համար՝ 8 միլիոն տոլար, միաժամանակ պահելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը:
Յայտնենք, թէ այս առաջադրութեան Ներկայացուցիչներու տան օրինակին մէջ, որ պատրաստուած էր քոնկրէսական Նիթա Լոուիի կողմէ, Հայաստանի համար նկատի առնուած էր 48 միլիոն, իսկ Արցախի համար 10 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն: Սակայն, ծերակուտական Փէթրիք Լէյհիի պատրաստած օրինակին մէջ Հայաստանի համար առաջադրուած էր միայն 30 միլիոն տոլար, իսկ Արցախի համար՝ ոչինչ:
Նախագահ Պարաք Օպամա եւս առաջադրած էր Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը 39 տոկոսով կրճատել 2010-ի ամավարկին մէջ, որ խոտոր կը համեմատէր ընտրապայքարին ընթացքին անոր տուած խոստումներուն: Նախագահը նաեւ առաջարկած էր խախտել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բարեկամներուն՝ քոնկրէսականներ Նիթա Լոուիին, Էտըմ Շիֆին, Մարք Քըրքին, Սթիւ Ռաթմընին, Ճէս Ճէքսընին, Սթիւ Իզրայէլին եւ Ֆրէնք Լոպիոնտոյին, որոնք յաջողեցան ետ խլել Օպամա-Պայտըն վարչակարգին կողմէ կրճատուած 18 միլիոն տոլարէն 11 միլիոնը եւ առաջին անգամ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի համար առանց սահմանափակումներու 8 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ապահովելու համար: Մինչ մտահոգ ենք, որ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեան ընդհանուր գումարը գրեթէ կիսուած է՝ երեք տարի առաջ տրամադրուած օժանդակութեանց հետ բաղդատած, ուրախ ենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը պահպանուած է», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:
Որոշումին վերջնական օրինակին մէջ նաեւ կը քննադատուին Հայաստանի հասցէին շարունակուող Ատրպէյճանի սպառնական եւ հրահրիչ յայտարարութիւնները եւ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթըն պէտք է երաշխաւորէ, որ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը պիտի չգործածուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու աշխատանքները խափանելու:
Այս որոշումները ապահովելու աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումը, մատնանշելով յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Հայաստան կարեւոր ներդրում ունի հակաահաբեկչական աշխատանքներու մէջ, յատկապէս Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ ու կը շարունակէ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու ծրագիրը:


