Դեկտեմբեր 10, 2009

«« վերադարձ ««
Սահմանադրական Դատարանը Յունուար 12ին Պիտի Քննէ Փրոթոքոլը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) մամուլի քարտուղար Յովհաննէս Պապիկեանի, ՍԴ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան հարցը պիտի քննարկէ Յունուար 12-ին:
Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութիւնները Նոյեմբեր 19-ին Սահմանադրական դատարան ներկայացուած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ:


