ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 11, 2009 Տպագրում

Ամերիկացի Նախկին Դիւանագէտը Կը Բացայայտէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Ջանքերը

Ամերիկացի Նախկին Դիւանագէտը Կը Բացայայտէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Ջանքերը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկացի նախկին դիւանագէտ եւ դեսպան Արմա Ճէյն Քարէր բացայայտած է շարք մը ցնցիչ տեղեկութիւններ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը ձախողութեան մատնելու համար Թուրքիոյ տարած աշխատանքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մեղսակցութեան մասին:

1980-ական թուականներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ուրանալու միտող այս քայլերը բացայայտուած են Քարէրի հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Հարցազրոյցը, որ կատարուած է ապագայ դիւանագէտներ պատրաստելու գործին մաս կազմող բերանացի պատմութիւնները ամբարելու աշխատանքին ծիրէն ներս, վերջերս հանրութեան տրամադրելի դարձած է Քոնկրէսի գրադարանին կողմէ:

Յայտնենք, թէ ամերիկացի դիւանագէտը Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առեւտրական գրասենեակի պատասխանատու, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Թուրքիոյ բաժնի գրասենեակի բարձրաստիճան պաշտօնատար եղած է:

«Դեսպան Քարէրի հարցազրոյցը կը տարածենք, որովհետեւ հոն կը բացայայտուին իսկապէս զարմացնող եւ ցնցիչ տեղեկութիւններ ցեղսապանութեան ուրացման աշխատանքներուն մասին: Որքան, որ ցաւալի է կարդալ անոր խօսքերը, անոնք ցոյց կու տան, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ ինչ մակարդակներու իջած են, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար: Դժբախտաբար պատեհապաշ այդ մօտեցումը կը շարունակուի ի զօրու մնալ մինչեւ այսօր եւ քիչերն են, որ բարոյականութիւնը առաջնահերթ կը դասեն անցողիկ շահերէն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:

Հարցազրոյցին մէջ, կրկնելէ ետք Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքը, Քարէրի կը պատմէ, թէ ինչպէս ինքը եւս դերակատար եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւները ձախողութեան մատնելու աշխատանքին մէջ եւ կ՛ընդունի, թէ հրէական լոպպին եւս նպաստած է Թուրքիոյ ջանքերուն:

Ամբողջ հարցազրոյցը կարդալու համար այցելել www.asbarez.com կայքը

«« վերադարձ ««