ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 10, 2009 Տպագրում

Օպամա Հայաստանի Եւ Իսրայէլի Հարցերով Ազդարարած Է Էրտողանին

Օպամա Հայաստանի Եւ Իսրայէլի Հարցերով Ազդարարած Է Էրտողանին

ՈԼԻՍ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- «Մարմարաե» «Ճի.Թի.Էյ.».- Թրքական մամուլը կը շարունակէ մեկնաբանութիւններ կամ լուրեր հրատարակել վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ կայացած խօսակցութեանց Հայաստանի վերաբերեալ հատուածին մասին։

Յայտնի դարձած է, որ տեսակցութեան ընթացքին Պարաք Օպամա դիւանագիտական նուրբ լեզուով ակնարկած է, որ Թուրքիա արագօրէն պէտք է վաւերացնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, այլապէս, ինք կրնայ դժուարութիւն ունենալ կասեցնելու Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող որեւէ բանաձեւ, որ Քոնկրէս պիտի յղուի յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին։

Թրքական պատուիրակութիւնը, որ կ'ընկերակցէր վարչապետ Էրտողանին, համոզուած է, որ այս ընթացքով Թուրքիա դժուարին կացութեան պիտի մատնուի յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին, որովհետեւ Էրտողան Օպամային պատասխանած է, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ տակաւին կարելի չէ ապահովել արձանագրութեանց վաւերացումը, որովհետեւ խորհրդարանը կը սպասէ, որ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ուրեմն ամերիկեան ուժերուն Թուրքիայէն Իրաք անցումը արգիլած Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումին նման անակնկալ որոշում մը կրնայ դուրս գալ խորհրդարանէն։

Միւս կողմէ, հրէական «Ճի.Թի.Էյ.» (Jewish Telegraphic Agency) լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Օպաման Իսրայէլի հասցէին կատարուած քննադատութեանց համար կշտամբած է Էրտողանին: Թուրքիոյ հեղինակութեան վնասող խօսքեր արտասանելով, Օպամա անտեղի գտած է Էրտողանի հակաիսրայէլական «գայթակղեցուցիչ» յայտարարութիւնները: Այդ տեղեկութիւնը «Ճի.Թի.Էյ.»ին հաղորդած է խօսակցութեան ներկայ գտնուած ամերիկացի պաշտօնեայ մը: Անոր համաձայն, Օպամա Էրտողանի վրայ ճնշում բանեցուցած է, որ ան բարելաւէ Իսրայէլի հետ վնասուած կապերը:

Իսրայէլական լրատուամիջոցը նկատել տուած է, որ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատումէն (1950) ի վեր, ոչ մէկ թուրք ղեկավար Էրտողանի չափ քննադատութիւններ չէ հնչեցուցած Իսրայէլի հասցէին:

«« վերադարձ ««