ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 11, 2009 Տպագրում

Ռուս Բանբերը Արցախի Հարցին Լուծումը Հաւանական Կը Նկատէ 2010ին

Ռուս Բանբերը Արցախի Հարցին Լուծումը Հաւանական Կը Նկատէ 2010ին

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղկատուական եւ մամլոյ բաժանմունքի վարիչ Անտրէյ Նեսթերէնքօ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10-ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը յատկանշական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ: Բանբերը աւելցուց, որ եթէ այս տարուան ընթացքին ստեղծուած դրական տեղաշարժը շարունակուի, ապա յառաջիկայ տարի տարրական սկզբունքներուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը հնարաւոր պիտի ըլլայ գոյացնել, որու հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը մէջտեղ բերել:

Նշենք, որ վերջերս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր եւս նման նախատեսութիւն մը կատարած էր:

Նեսթերէնքօ նաեւ աւելցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն այս օրերուն Մատրիտի սկզբունքներուն բարեփոխուած տարբերակը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:

«« վերադարձ ««