ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 11, 2009 Տպագրում

Արմէն Ռուստամեան Արեւելեան Ամերիկա Կ'այցելէ

Արմէն Ռուստամեան Արեւելեան Ամերիկա Կայցելէ

ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ իր հրաւէրով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան արեւելեան Ամերիկա կ'այցելէ, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ընդդիմանալու կուսակցութեան դիրքորոշումը բացատրելու համար ամերիկեան իշխանութեանց:

Ան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9-ին Միացեալ Նահանգներ ժամանեց եւ հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ քոնկրէսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, որոնցմէ մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Հաուրտ Պըրմընը, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին նախագահն է:

Քոնկրէսականներու հետ հանդիպումներուն կողքին, Ռուստամեան խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Ամերիկայի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Լեռնային Ղարաբապի ներկայացուցիչին հետ եւ Մեծն Ուաշինկթընի ու Ֆիլատելֆիոյ հայկական համայնքներուն հետ զեկուցական հանդիպումներ պիտի ունենայ:

Այսօր, Դեկտեմբեր 11-ին, Ռուստամեան Փրովիտընսի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ տեղւոյն ՀՅԴ կոմիտէութեան անդամներուն հետ եւ ներկայ պիտի ըլլայ Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանի ժողովին: Երեկոյեան, «Հայաստան» ճամբարը այցելելէն ետք, ան Պոսթընի մէջ Հայ մշակոյթի եւ կրթական կեդոնին մէջ տեղւոյն կոմիտէի կազմակերպած ժողովրդային հաւաքի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ, իսկ Կիրակի, Դեկտեմբեր 13-ին, Նիւ Ճըրզիի կոմիտէութեան անդամներուն հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան:

«« վերադարձ ««