«Հայ-թրքական յարաբերութիւնները ԼՂ խնդրին փոխշաղկապելու Թուրքիոյ փորձերը դատապարտուած են ձախողման», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հուրրիէթ» թրքական թերթը իր երէկուան կայքէջին վրայ, անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկ կատարած յայտարարութեան, «Հայաստան կը սպառնայ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը ջնջել՝ Ղարաբաղի պատճառով» վերնագրած է իր լրատուութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը կատարուած էր Երեւանի մէջ, եռօրեայ պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լաթվիայի նախագահ Վալդիս Զատլերսի հետ հանդիպումին յաջորդած համատեղ ասուլիսի ընթացքին:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է պատշաճօրէն կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները վաւերացնել հայ-թուրքական արձանագրութիւնները: Նոյնը մենք ակնկալում ենք Թուրքիայից: Եթէ Թուրքիան ձգձգի արձանագրութիւնների վաւերացումը, ապա Հայաստանն անյապաղ կ՛օգտուի միջազգային իրաւունքից բխող հնարաւորութիւններից», յայտարարած է նախագահ Սարգսեան ասուլիսի ընթացքին:
ՀՀ նախագահը յանձնարարած է համապատասխան պետական մարմիններուն՝ նախապատրաստել լրացումներ օրէնսդրութեան այն մասով, որ կ'առնչուի միջազգային պայմանագրերու ստորագրման, վաւերացման եւ չեղեալ յայտարարման:
Ինչպէս նախապէս տեղեկագրած ենք, հայ-թրքական արձանագրութիւնները ՀՀ նախագահի կողմէ ուղարկուած են ՀՀ Սահմանադրական դատարան, որ որոշում պէտք է կայանցէ Յունուար 12-ին:
«Մենք գործընթացը շարունակում ենք: Բոլորս պէտք է հասկանանք, որ ինչքան ձգձգւում է վաւերացման գործընթացը, այնքան աւելանում են խոչընդոտները: Քաղաքական իրադարձութիւնները յետագայում կարող են խոչընդոտներ ստեղծել», յայտնած է նախագահը:
Անոր խօսքերով՝ Հայաստան երախտապարտ է բոլոր պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, քաղաքական եւ պետական գործիչներուն, որոնց միջնորդական ջանքերու շնորհիւ Հայաստանը եւ Թուրքիան կրցան անցնիլ «այս ճանապարհը»: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ նախագահ Սարգսեանին, այս գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը կամ ձախողումը ամբողջովին պէտք է վերագրուի Հայաստանին եւ Թուրքիային:
«Մենք բարձր ենք գնահատում Միացեալ Նահանգների նախագահ Բարաք Օբամայի դիրքորոշումը՝ կապուած հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, հայկական հարցի հետ: Նա իր դիրքորոշումը բազմաթիւ անգամ յայտարարել է եւ հրապարակաւ, եւ անձնական շփումների ընթացքում:
«Ցեղասպանութեան ճանաչման, Թուրքիայի կողմից իր պատմութեանն անաչառ նայելու անհրաժեշտութեան մասին ԱՄՆ նախագահն ասել է նաեւ Թուրքիայի խորհրդարանում: Ի հարկէ, չափազանց կարեւոր է, որ Թուրքիան հասկանայ, որ Կովկասում խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն կը հաստատուի միայն այն պարագայում, երբ կարգաւորուեն հայ-թուրքական յարաբերութիւնները», յայտնած է ՀՀ նախագահը: Ան միանշանակ դատապարտուած համարած է Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու շաղկապման փորձերը:
«Թուրքիայի նպատակն է հայ-թուրրքական յարաբերութիւնները փոխշաղկապել ԼՂ խնդրին: Մէկ անգամ եւս պէտք է կրկնեմ, որ այս փորձերն ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողման», ընդգծած է Ս. Սարգսեան:


