ՀՕՄ-ը Հայիթիի Աղէտեալ Ժողովուրդին Օգնելու Կոչ Կ'ընէ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութիւնը կոչ կ'ուղղէ ՀՕՄ-ի անդամներուն եւ համակիրներուն, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայիթիի ահաւոր երկրաշարժի աղէտեալներուն նպաստելու աշխատանքներուն, ՀՕՄ-ի հաստատած Հայիթիի օգնութեան հիմնադրամին միջոցաւ:
«ՀՕՄ-ը կը ցաւակցի Հայիթիի ժողովուրդին հետ», ըսաւ Սօսի Փօլատեան, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Անդրադառնալով Հայաստանի 1988-ի աղէտալի երկրաշարժին, ան աւելցուց. «Ինչպէս բոլոր աշխարհը հասաւ մեր օգնութեան, մենք եւս մեր կարելին պիտի ընենք հասնելու այս աղէտեալ ժողովուրդին պէտքերուն»:
Իբրեւ իր ծրագրի հիմնական նպատակներէն մէկը, ՀՕՄ-ը երկրաշարժներէ, փոթորիկներէ, կրակներէ եւ այլ բնական աղէտներէ վերապրողներուն ի նպաստ յատուկ յատկացումներ կ'ընէ դարէ մը ի վեր: Յունաստանի, Մեքսիքայի կամ Նիւ Օրլինը հարուածած «Քաթրինա» փոթորիկի աղէտեալները ՀՕՄ-էն օգնութիւն ստացած են:
Կոչ կ'ուղղենք մեր գաղութի անդամներուն, որ առատաձեռնօրէն մասնակցին այս հանգանակային արշաւին, գիտակցելով, որ թէ փոքր եւ թէ մեծ գումարները տարբերութիւն մը պիտի ընեն աղէտեալ գօտիէն ներս:




