Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում՝ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհիին Հետ

Օրերս Մոսկուայի հայկական կազմակերպութիւններու ֆորումի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի հետ։
Ֆորումի խորհուրդի անունով հանդիպման բացումը կատարեց ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեանը նշելով որ հանդիպումը նպատակ ունի նպաստելու Սփիւռքի կազմակերպութիւններու փոխադարձ համագործակցութեան։
Ան ընդգծեց, որ ռուսաստանեան Սփիւռքի համար ուսանելի է աւանդական համարուող Սփիւռքի կազմակերպական փորձառութիւնը եւ գործունէութեան ոճն ու բովանդակութիւնը: Միաժամանակ, տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական կառոյցներուն համար օգտակար է Ռուսաստանի հայկական համայնքի հետ ծանօթութիւնը, որը իր ներուժով, աշխուժ զարգացմամբ եւ այլ առանձնայատկութիւններով կարեւոր դերակատարութիւն ունի համահայկական ծրագրերուն մէջ։
ՀՕՄի ատենապետուհի ընկ. Վիքի Մարաշլեանը ներկայացուց ՀՕՄ-ի կառուցուածքը, տարբեր երկիրներու մէջ մասնաճիւղերու գործունէութեան տուեալներն ու առաջնահերթութիւնները։ Ան նշեց, որ իր հիմնադրման օրէն ՀՕՄ-ը այնտեղ է, ուր հայը աջակցութեան կարիքը զգացած է։ Ատենապետուհին անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեանը ուղղուած աշխատանքներուն, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ ՀՕՄ-ի կողմէ
իրականացուող բարեգործական, կրթական եւ առողջապահական բազմազան ու բազմաթիւ ծրագրերուն: Այնուհետեւ աշխոյժ քննարկում ծաւալեցաւ Սփիւռքի կառոյցներու ձեւաւորման, հայութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան շուրջ։
Հանդիպման աւարտին Վիքի Մարաշլեանը Ֆորումի պատուիրակութիւնը հրաւիրեց մասնակցելու ՀՕՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ:


