Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Մարտ 06, 2010 Տպագրում

Էտըմ Շիֆ. «Պիտի չմոռնանք Սումկայիթի ջարդերուն զոհերը»

Էտըմ Շիֆ. «Պիտի չմոռնանք Սումկայիթի ջարդերուն զոհերը»

Ամերիկացի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կատարած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու 22-րդ տարելիցին:

Քոնկրեսականը կը նշէ, որ եռօրեայ կոտորածներու ընթացքին զոհուած, վիրաւորուած եւ բռնութիւններու ենթարկուած են բազմաթիւ հայեր:

Ըստ Շիֆի, կոտորածներուն կազմակերպիչները ոչ միայն չեն պատժուած, այլեւ պաշտօններ ստացած են Ազրպէյճանի կառավարութեան մէջ:

Շիֆ նաեւ կը յայտնէ, որ թէեւ պաշտօնական Պաքուն ամէն ձեւով կը փորձէ իրականութիւնը ծածկել, սակայն «ողջ մնացած հայերը ճշմարտութիւնը պատմած են»: Քոնկրեսականը կը յիշեցնէ, որ սումկայիթեան ոճրագործութիւնը աւելի մեծ նախայարձակումի պատճառ դարձաւ՝ պատերազմ հրահրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ:

«Ապրիլին կ'ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակը, ոճրագործութիւն մը, զոր կը ժխտէ Ազրպէյճանի դաշնակիցը: Ինչպէս չենք կրնար մոռացութեան մատնել 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, այդպէս ալ պիտի չմոռնանք Սումկայիթի ջարդերուն զոհերը», կ'ըսուի Քոնկրեսականի յայտարարութեան մէջ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker