ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 22, 2010 Տպագրում

Գերմանացի Բեմադրիչի «Աղէտը»՝ «Ոսկէ Ծիրանի» Պաստառին Վրայ Պիտի Ցուցադրուի

Գերմանացի Բեմադրիչի «Աղէտը»՝ «Ոսկէ Ծիրանի» Պաստառին Վրայ Պիտի Ցուցադրուի

«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան նշած է, թէ Յուլիս 11էն 18ի միջեւ իրականացող «Ոսկէ Ծիրան» 7րդ միջազգային փառատօնը պիտի անդրադառնայ Հայոց Մեծ Եղեռնի 95ամեայ տարելիցին։ Մ. Ստամբոլցեանի տեղեկութիւններով, Միջազգային վաւերագրական ֆիլմերու մրցոյթին ներկայացուած է գերմանացի Էրիկ Ֆրիտլերի «Աղէտ» խորագիրը կրող շարժապատկերը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է 1915ի ոճրագործութեան:

Ըստ փառատօնի գեղարուեստական հարցերով տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեանի, նշեալ շարժապատկերը յատկանշական եւ կարեւոր երեւոյթ համարուած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ:

«Երկու ամիս առաջ ֆիլմը ցուցադրուեցաւ գերմանական մեծագոյն կայանէն եւ քննարկումներու խոշոր ալիք բարձրացուց: Ֆիլմը այն միտումով նկարուած է, որ կարծես թէ հայ է հեղինակը, թէեւ ֆիլմի ստեղծագործական խումբին մէջ ոչ մէկ հայ կար», նշած է Ս. Յարութիւնեան, որուն խօսքով, հեղինակները շարժապատկերի նկարահանման ընթացքին օգտագործած են ե՛ւ պատմական, ե՛ւ արխիւային նիւթեր, նաեւ խաղարկային կտորներ, զորս կը կատարեն գերմանական լաւագոյն դերասաններ:

«« վերադարձ ««