31 Օգոստոս 1904. Աղթամարի Հերոսական Կռիւը
31 Օգոստոսին, 1904 թուականին, Վանայ ծովու Աղթամար կղզիին վրայ, արձանագրուեցաւ ամէնէն հերոսական դրուագներէն մէկը հայ ազգային¬ազատագրական շարժման։
Օգոստոսի այս օրը, 106 տարի առաջ, մղուեցաւ Աղթամարի Կռիւը, որ պատմութիւն կերտող ճակատում մը եղաւ թրքական կանոնաւոր զօրքին եւ Դաշնակցութեան ֆետայական մարտախումբին միջեւ։
Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ՝ հայ յեղափոխականներու 70 հոգինոց մեծ խումբը պարտութեան մատնեց Աղթամար կղզին ռազմանաւերով պաշարած եւ թնդանօթային ռմբակոծման ենթարկած թրքական զօրքը։ Անակնկալ կամ յանկարծական կռիւ մը չէր եղածը։ Ընդհակառակն՝ ամիսներու վրայ երկարած կռիւներու մեծ շղթայի մը ամէնէն բուռն օղակը դարձաւ Աղթամարի Կռիւը։
Ապրիլ 1904ին պայթեցաւ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը՝ այս անգամ Դաշնակցութեան մարտական ուժին առաջնորդութեամբ։ Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ, Հրայր Դժոխք եւ Վահան ղեկավարեցին ապստամբութիւնը, որ Սասնոյ գլխին բարձրացուց Ազատութեան Դրօշը եւ 11 օր բուռն կռիւներ մղեց Թրքական զօրքերուն եւ անոնց միացած քիւրտ ասպատակներուն դէմ։
Ծանօթ է, որ Սասնոյ լեռներուն վրայ յաղթական կռիւներ մղելէ ետք, անհաւասար ուժերով շարունակուող դիմադրական կռիւը պարտութենէ փրկելու նպատակով՝ Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ որոշեցին հաւաքել ժողովուրդը եւ կազմակերպուած նահանջի դիմել դէպի Մշոյ դաշտ։ Նահանջը երեք ամիս տեւեց եւ յատկանշուեցաւ հերոսական կռիւներով, որովհետեւ թրքական զօրքը կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ յեղափոխականներուն՝ անոնց առասպելական ուժը վերջնականապէս կոտրելու եւ Անդրանիկի ու Չաւուշի օրինակով քաջարի հերոսներուն անխոցելիութեան եւ անպարտելիութեան վերջակէտ դնելու յաւակնութեամբ...
Ահա՛ այդ երկար նահանջի վերջին կայանը եղաւ Աղթամար կղզին, ուր Յուլիսի վերջերուն նաւակներով հասան հայ ֆետայիները։
Փաստօրէն Դաշնակցութեան Տարօնի կազմակերպութեան մարտական աւագանին էր, որ հաւաքուեցաւ Աղթամար կղզիին վրայ։ Շուտով Աղթամար եկան, իրենց խումբերով, Վանէն Կոմսը եւ Լեռնապարէն Իշխանը, որպէսզի Երկրի Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան Զինուորական Խորհուրդի ժողովը գումարեն եւ Սասնոյ Ապստամբութեան յաջորդ քայլերը որոշեն։
Բուռն եւ երկար քննարկումներէ ետք, Զինուորական Խորհուրդը որոշեց Աղթամար կղզիի վրայ հաւաքուած ուժը բաժնել երկուքի. փոքրաթիւ խումբ մը՝ 20 հոգի, Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ, պիտի վերադառնար Մուշ եւ Սասուն, իսկ մնացեալը՝ 50 հոգի, Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, պիտի ուղղուէր դէպի Վան։
Սուլթանի կառավարութիւնը, որ իր ռազմանաւերուն հրահանգ տուած էր Վանայ ծովուն բացերը հետապնդել ֆետայիները եւ գտնել անոնց ապաստանարանը, շաբաթներ ետք յանգած էր այն համոզումին, որ հայ յեղափոխականները կը գտնուէին Աղթամարի վրայ։ Առ այդ թրքական բանակը հրահանգ ստացաւ ռազմանաւերով պաշարել կղզին եւ հաշուեյարդարի ենթարկել Դաշնակցութեան մարտական ուժին ողնասիւնը։
Այդպէ՛ս սկսաւ, Օգոստոս 31ին, Աղթամարի Կռիւը, որ ամբողջ ցերեկը շարունակուեցաւ՝ խորհրդանշելով թնդանօթի ռումբերուն դէմ մոսիններու փամփուշտին... առասպելական գերազանցութիւնը։
Աղթամարի Կռիւը նաեւ նուիրագործեց մեծ ռազմավարի հռչակը աննման Անդրանիկին, որ կղզիի յառաջացած կէտերուն վրայ անառիկ եւ ռումբերու դէմ անխոցելի դիրքեր ընտրեց եւ յաջողեցաւ, իր ընկերներով, հատու հարուածի տակ առնել յառաջացած նաւերուն վրայ գտնուող թուրք զինուորները։
Աղթամարի Կռուին էր, նոյնպէս, որ Գէորգ Չաւուշի հռչակը անմահացաւ՝ իբրեւ յանդուգն եւ խիզախ յարձակումներու անզուգական մարտիկ, իբրեւ «անվրէպ խփող» դաշնակցական ֆետայի։
Մինչեւ գիշեր կռիւ մղելէ եւ թշնամիին ծանր կորուստներ պատճառելէ ետք՝ հայ յեղափոխականները մութին մէջ ելան իրենց նաւակներուն վրայ եւ, թրքական պաշարումը ճեղքելով, ապահով ուղղուեցան դէպի ծովուն բացերը։
Աղթամարի Կռուին տարեդարձը յատուկ խորհուրդ կը զգենու մանաւանդ այս օրերուն, երբ թրքական պետութիւնը կը փորձէ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին քարոզչական շահարկումի նիւթ դարձնել...
Յանուն հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատութեան մղուած հերոսական կռուի խորհրդանիշ Աղթամարը դեռ չէ ըսած իր վերջին խօսքը՝ Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի հատու հարուածի պատգամը ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն։




