ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՏԱԼ ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
«Էյ.Էն.Էս.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հարցը կը շարունակուի քննարկուիլ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Թուրքիա այդ հարցով որոշումը պիտի տայ այս ամսուան վերջաւորութեան։
11-17 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՕԹԱՆ-ի «Արմենիա 2010» ռազմամարդասիրական ռազմափորձերը, որոնց պիտի մասնակցին ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր 19 պետութիւններ, որոնց շարքին՝ թուրք զինուորներ։ Հայաստանի մէջ ռազմափորձեր կատարելու որոշումը որդեգրուած է միաձայնութեամբ։
Թուրքիա վերջերս կազմակերպիչ կոմիտէին տեղեկացուցած էր, որ թուրք զինուորները Հայաստան պիտի հասնին Վրաստանի տարածքով։ Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրները, նաեւ լրատուամիջոցները բազմիցս նշած են, որ սահմանը պիտի բացուի ռազմափորձերու ժամանակ, սակայն ժամանակաւորապէս։
«« վերադարձ ««



