Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Մարտ 09, 2010 Տպագրում

Թուրք Երեսփոխանները Փրոթոքոլի Վաւերացումը Անհաւանական Կը Գտնեն

Թուրք Երեսփոխանները Փրոթոքոլի Վաւերացումը Անհաւանական Կը Գտնեն

ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ եւ ՆԱԹՕ-ի խմբակի ղեկավար Վահիտ Էրտեմ, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման հարցին:

«Մենք առաջարկած էինք պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծել՝ ուսումնասիրելու համար 1915-ի դէպքերը։ Պատմական իրադարձութիւններու վերաբերեալ որոշումներ կայացնելը խորհրդարաններուն գործը չէ։ Խորհրդարանները քաղաքական մարմիններ են եւ անոնց գործը օրէնքներ ստեղծելն է, եւ ոչ թէ պատմութեան գնահատականներ տալը։ Այդ պատճառով, նման որոշում մը վնաս կը հասցնէ Քոնկրեսի վարկին: Այս խաղին պէտք է վերջ դրուի։ Մենք իրարու համար շատ կարեւոր երկիրներ ենք», ըսած է ան։

Ինչ կը վերաբերի արձանագրութիւններուն, ապա թուրք պատգամաւորին կարծիքով, անոնք չեն կրնար հաստատուիլ խորհրդարանին կողմէ։ «Թուրք պատգամաւորները նման պայմաններու մէջ չեն կրնար քուէարկել արձանագրութիւններու օգտին։ Հակառակ անոր, որ այս կէտը արտացոլացում չէ գտած արձանագրութիւններուն մէջ, սակայն պատճառը Հայաստանի կողմէ ատրպեճանական հողերու բռնագրաւման շարունակումն է։ Մենք սահմանները փակած ենք ճիշդ այդ բռնագրաւումին պատճառով։ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրութիւններու վաւերացումը անհնար է», եզրակացուցած է ան։
Թղթակիցի այն հարցումին, թէ՝ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը համատեղ քայլ կատարեն, երեսփոխանը պատասխանած է. «Իսկ երդեօք Ատրպէյճանն ու Թուրքիան միասին չե՞ն։ Այս կապակցութեամբ Հայտար Ալիեւը գտած էր հրաշալի բանաձեւ. «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն»։ Ուրիշ ի՞նչ կարելի է ըսել։ Մենք փակած ենք սահմանը մեր եղբայրական երկրի տարածքներու բռնագրաւման պատճառով։ Քանի դեռ ատրպեճանական հողերը բռնագրաւուած են, մեր ձեռքը չի բարձրանար այդ փաստաթուղթերուն կողմ քուէարկելու»։

Իր կարգին, Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ Տենիզ Պայքալ պահանջած է արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ քաշել։ Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յոյսով էին, որ արձանագրութիւններու ստորագրման միջոցով կը մեղմացնեն Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ «Այդ յոյսերը չարդարացան։ Ստորագրուած արձանագրութիւնները այլեւս ոչ մէկ օգուտ կը բերեն Միացեալ Նահանգներու մէջ Ցեղասպանութեան քննարկումները խոչընդոտելու, Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու տեսանկիւնէն», եզրակացուցած է Պայքալ։

Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն Օքթայ Վուրալ, կարեւոր նկատելով արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ վերցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ յայտարարած է. «Որեւէ խորհրդարան չի կրնար դատապարտել իմ պետութիւնս»։

 

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker