ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Ութերու Խմբակի Միջկրօնական Համագումարի Կենսոլորտային Հարցերու Բաժինին

Քանատայի Ուննըփիկ քաղաքին մէջ երէկ սկսաւ միջկրօնական միջազգային համագումարը: Սոյն համագումարին նպատակն է 26-30 յունիս 2010-ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ութ տնտեսապէս հզօր պետութիւններուն քննարկելիք օրակարգի հարցերը քննութեան ենթարկել եւ իր յանձնարարութիւնները կատարել:
Համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի բոլոր կրօններէն: Օրակարգի երեք գլխաւոր հարցերն են՝ տնտեսութիւն, ապահովութիւն եւ կենսոլորտ: Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած է նախագահելու կենսոլորտի բաժինին:
Յայտնենք, որ վեհափառի կողքին յիշեալ համագումարին կը մասնակցէին Խաժակ արք. Յակոբեան Քանատայէն, Սեպուհ արք. Սարգիսեան Իրանէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ դիտող Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան Ազգային կեդրոնական վարչութենէն: Համագումարին նաեւ կը մասնակցէին Բագրատ եպս. Գալստանեան՝ իբրեւ անդամ Քանատայի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութեան եւ Վիգէն արք. Այքազեան՝ իբրեւ անդամ Միացեալ Նահանգներու եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութեան:
Նախագահելով կենսոլորտային հարցերու նուիրուած նիստերուն՝ վեհափառը նախ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կենսոլորտային հարցը՝ շեշտելով, որ ան դարձած է գոյութենական մտահոգութիւն, կեանքը իր բանական եւ ոչ բանական երեսներով լրջօրէն մտահոգող իրականութիւն: Ան կենսոլորտային հարցը անկախ իր տնտեսական, ճարտարարուեստական ու քաղաքական երեսներէն եւ հետեւանքներէն բնորոշեց իբրեւ աստուածաբանական հարց: Ան ըսաւ, որ կենսոլորտային տագնապը հետեւանք է մարդուն կողմէ տիեզերքի չարաշահումին, որ մեղանչում մըն է Աստուծոյ դէմ: Իր խօսքը զարգացնելով այս կէտին շուրջ՝ վեհափառը կատարեց կարգ մը առաջարկներ, որոնք պիտի փոխանցուին Ութերու խմբակի համագումարին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք եւ իր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ զրոյց կլոր սեղանի շուրջ՝ մասնակցութեամբ Ճափոնի, Խաղաղականի կղզիներու եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն: Յիշեալ զրոյցներէն ետք, վեհափառը առիթ տուաւ ներկաներուն իրենց տեսակէտները պարզելու: Կատարուած քննարկումներէն եկող առաջարկներէն մէկ մասը նկատի առնուեցան համագումարի տեղեկագիրին ու որդեգրած բանաձեւերուն մէջ:
Իր փակման խօսքին մէջ, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց կրօններու միջեւ գործակցութիւնը մարդկութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ:


