ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 22, 2010 Տպագրում

Արամ Ա. Մոնթրէալի Մէջ Ապրիլեան Յուշակոթողի Բացումը Կը Կատարէ

Արամ Ա. Մոնթրէալի Մէջ Ապրիլեան Յուշակոթողի Բացումը Կը Կատարէ

Շաբաթ, 19 յունիս 2010-ին, Մոնրէալի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակաց նուիրուած «Կարմիր աւետարան» անունով մկրտուած գեղաքանդակ խաչքարին բացումը:

Հայրապետական թափօրը եկեղեցիէն ուղղուեցաւ դէպի յուշակոթողին քով, Ազգային առաջնորդարանին մուտքին, ուր օրհնութեան յատուկ կարգով վեհափառը նուիրագործեց յուշակոթող-խաչքարը, որ մտայղացումն ու գործն էր արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեանի:

Օրհնութեան արարողութեան աւարտին, վեհափառը խօսք առնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգիին ամբողջական թարգմանը հանդիսացաւ, յատկապէս շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը միասնաբար յառաջ տանելու գաղափարին վրայ: Սփիւռք եւ Հայաստան դերերու յստակ բաժանումը սոյն պայքարը յառաջ պիտի տանին, ըսաւ վեհափառը, մինչեւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ մեր ազգի ոտնակոխուած արժանապատուութեան վերականգնումը:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինով, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքին, Հայ դատի հետապնդման գծով: Վեհափառը խօսեցաւ յատկապէս այն կազմաւորման եւ ազգային ոգիին ջամբումին մասին, որ կը կատարուի Անթիլիասի Դպրեվանքին ճամբով: «Մենք Անթիլիասի մէջ ամէն օր Տէր Զօրը ապրեցանք եւ կ'ապրինք՝ մեր նահատակներու անթաղ աճիւններով նուիրականացած Սուրբ մատուռը մեր աչքերուն առջեւ ունենալով: Կազմաւորում մը՝ որ անգիր ու անբարբառ դաս ու դասարան եղաւ մեզի համար, ու կը շարունակէ այդպէս մնալ Անթիլիասէն դուրս եկող բոլոր սերունդներուն համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայ դատի հետապնդման բոլոր աշխատանքներուն՝ իբրեւ իրաւազրկուած հայրապետական աթոռ, որ իր ժողովուրդին հետ ցմրուր ըմպեց Ցեղասպանութեան դառն բաժակը», ըսաւ վեհափառը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս յուշակոթող-խաչքարին առջեւ գտնուող ապակեայ դարանին մէջ զետեղեց Անթիլիասի Նահատակաց մատուռէն բերած մեր նահատակներու աճիւններէն մասնիկներ՝ իբրեւ մնայուն յուշարար հայ ժողովուրդին դէմ գործուած անմարդկային ոճիրին:

Ներկայ ամբողջ բազմութիւնը միասնաբար երգեց «Ի վեհ բարձանց» Հայրապետական քայլերգը՝ արեւշատութիւն մաղթելով իր հայրապետին, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» մաղթերգը՝ կորսուած հայրենիքին դարձեալ վերատիրանալու վառ յոյսով:

«« վերադարձ ««