ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 25, 2010 Տպագրում

ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Նիստին

ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Նիստին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի կիներու կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիա Թիթիզեան մասնակցած են Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցած է 21-22 յունիսին, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։

Նիստին օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին համաշխարհային տնտեսութեան, կլիմայի, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ հիւլէական զէնքին առնչուող հարցեր։

Նիստի աւարտին Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը որդեգրած է կարգ մը յայտարարութիւններ եւ բանաձեւեր։

ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցած են Շուէտի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու պատուիրակութիւններուն հետ։

Մասնաւորաբար Յունաստանի վարչապետ Ճիորճիօ Փափանտրէուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ ՀՅԴ պատուիրակները մանրամասն ներկայացուցած են Թուրքիոյ՝ սպառնալիքներով եւ նախապայմաններով առաջնորդուելու քաղաքականութիւնը, ներառեալ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ղարաբաղեան հիմնախնդիրին հետ կապելը։

«« վերադարձ ««