ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷՔԹՈՐ ԹԻՄԵՐՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ' ՀՅԴ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 25 օգոստոսին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար՝ Էքթոր Թիմերմանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Շրջանային մարմնի պատասխանատու՝ Գէորգ Տոլմաճեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի Արժանթինի մարմնի պատասխանատու՝ Յակոբ Թապագեան։ Մասնաւորապէս հրաւիրուած, հանդիպման նաեւ ներկայ եղաւ Արժանթինի արդարադատութեան նախկին նախարար տոքթ. Լէոն Քարլոս Արսլանեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնի հարցերու քարտուղար, դեսպան Կիժերմօ Օլիվերի։
Պատուիրակութիւնը երախտագիտական խօսքեր ուղղեց նախարարին Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան բացման առիթով, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց ու հայ ազգին նկատմամբ արժանթինեան կառավարութեան նպաստաւոր դիրքին եւ երկրի ընկերութեան շարունակ աջակցութեան համար, որուն գագաթնակէտը եղաւ խորհրդարանին կողմէ թիւ 26.199 օրէնքի որդեգրումը՝ Ապրիլ 24-ը յայտարարելով «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր» (11 յունուար 2007-ին), ապա օրուան նախագահ Նեսթոր Քիրչների հաստատումով՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։
Հանդիպման ընթացքին, խօսուեցաւ Արժանթինի եւ Հայաստանի փոխյարաբերութեան հզօրացման կապուած նիւթերու մասին, կեդրոնանալով դիւանագիտական փոխ-յարաբերութեան ու շրջանի կարելիութիւններու ծանօթացման կարիքի կարեւորութեանց։ Նոյնպէս փոխանցուեցան Հարաւային Կովկասի մէջ չլուծուած հարցերու եւ բռնութեան նոր սաստկացումի կարելիութեան տեղ տուող ռազմատենչ հռետորութեան կամ գործերու վտանգի մասին հայոց մտահոգութիւնները։
«« վերադարձ ««



