Share
Սեպտեմբեր 01, 2010 Տպագրում

Հայաստան Կը Պատրաստուի Մեծ Շուքով Նշելու Ֆ. Նանսենի 150ամեակը

Հայաստան Կը Պատրաստուի Մեծ Շուքով Նշելու Ֆ. Նանսենի 150ամեակը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օգոստոս 31ին տեղի ունեցած է նորվեկիացի մեծ մարդասէր, Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Ֆրիտեօֆ Նանսենի 150ամեակի յոբելինական յանձնաժողովին առաջին նիստը, զոր վարած է յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան:

Ֆ. Նանսենի 150ամեակը կ՛ամբողջանայ 2011ին:

Տարածքային կառավարման նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տուեալներով, յանձնաժողովի նիստին քննարկուած են տարուան ընթացքին յոբելինական ձեռնարկներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ Նանսենի մարդասիրական գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պատշաճօրէն ներկայացնելու հետ առնչուած հարցեր:

Նիստին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Նանսենին նուիրուած յոբելինական ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ էական դերակատարութիւն ունեցած անձերու գործունէութեան համակարգուած ներկայացման հնարաւորութիւնը:

Յանձնաժողովը որոշած է յառաջիկային պետական եւ շահագրգիռ այլ կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ մշակել յոբելինական ձեռնարկներու ծրագիր մը:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker