Share
Օգոստոս 25, 2010 Տպագրում

Հայ Մանուկներ Չեն Կրնար Աղօթել Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ Մանուկներ Չեն Կրնար Աղօթել Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայկական «Նիուզ» լրատուական կայքէջը հաղորդեց, թէ թուրք ոստիկանները Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին այցելող հայ մանուկներուն չեն արտօնած, որ աղօթեն կամ մոմ վառեն։ Ասիկա շատ խորթ կը հնչէ այս օրերուն, երբ Թուրքիա կը պատրաստուի Աղթամարի մէջ արարողութիւն կազմակերպել։ Կայքէջը կը գրէ, որ թուրք ոստիկաններու արգելքը ցոյց կու տայ, թէ Սեպտեմբեր 19ի արարողութիւնը զուտ քարոզչական բնոյթ ունի։ Պատահարը հետեւեալն է։ Աղթամար այցելութեան գացած են «Հայ Ասպետ» յայտագիրի ախոյեան խումբի տղաքը, բայց անոնք սրտաբեկ զգացումներով վերադարձած են, որովհետեւ  Աղթամարի մէջ անոնք չկրցան մինչեւ իսկ մոմ մը վառել։ «Հայ Ասպետ» յայտագիրի հիմնադիր ու վարիչ Գարին Տոնոյեան կը յայտնէ, թէ երբ եկեղեցի մուտք գործած են ուզած են մոմ վառել, թուրք ոստիկանները անմիջապէս արգելք եղած են։ «Ասիկա թանգարան է, չէք կրնար մոմ վառել, պատերը կը մրոտին», ըսած են։

Նաեւ, երբ սկսած են երգել «Տէր Ողորմեա»ն, թուրք ոստիկանները բարկութեամբ արգելք հանդիսացած են ու սպառնացած են։ Զբօսաշրջութեան կազմակերպիչին խնդրանքին վրայ, երգը կասեցուցած է։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker