Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Գնահատէ «ՎԻՎԱՍԵԼ - ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի Ջանքերը

Երէկ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ «Վիվասել - Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի մամլոյ ասուլիսը՝ երկու կողմերուն միացեալ ծրագիրներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին:
Մշակոյթի նախարարութիւնը բարձր գնահատեց «Վիվասել - Էմ. Թի. Էս.»ի՝ հայկական մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու ջանքերը:
«Մշակոյթը կ'արտայայտէ ազգի ով ըլլալը՝ մեր ինքնութիւնը: Անիկա երկիրը սերունդէ սերունդ փոխանցող եւ պահպանող մեծագոյն արժէքն է», յայտարարեց ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Յայտնենք, որ ընկերութեան պատասխանատուութեան կեդրոնին մէջ կը գտնուի մշակոյթը: Այս տարուան ընթացքին մշակութային նախաձեռնութիւններու մէջ «Վիվասել - Էմ. Թի. Էս.»ի ներդրումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ 1 միլիառ 86 միլիոն դրամ:


