Share
Սեպտեմբեր 01, 2010 Տպագրում

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՈՒԺ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԱԿ Է ԱԶԴԵԼՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ». Կ՛ԸՍԷ ԵՈՒՐԻ ՆԱՒՈՅԵԱՆ

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՈՒԺ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԱԿ Է ԱԶԴԵԼՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ». Կ՛ԸՍԷ ԵՈՒՐԻ ՆԱՒՈՅԵԱՆ

«Ռուս-հայկական ընկերակցութեան» մոսկուայի շրջանային կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան,«Ռուսիոյ հայկական սփիւռք. ժամանակի մարտահրաւէրներ» միջազգային հասարակական համագումարին ընթացքին յատնեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն հիմք կը հանդիսանան ոչ միայն երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան բազմադարեան աւանդութիւնները, այլ նաեւ Ռուսիոյ հայկական համայնքին կարողականութիւնը։ Ըստ անոր,այս հանգամանքը չի կրնար չգնահատուիլ երկու երկիրներու քաղաքական վերնախաւին կողմէ։

Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ Ռուսիոյ հայկական սփիւռքի սերտ կապերը Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու համայնքներուն հետ զգալի գործօն կը հանդիսանան ռուս-հայկական ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման համար։ Սփիւռքը,որուն կարելիութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն շրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ամէնէն տարբեր կառոյցները, Հայաստանի էական առաւելութիւնն է միջազգային քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ։ Նաւոյեան աւելցուց,որ հայկական սփիւռքի գործօնը կրնայ հաշուի առնել նաեւ ռուս դիւանագիտութիւնը։ «Անոր գրաւականը հսկայական հետաքրքրութիւնն է Ռուսիոյ եւ Ռուսիոյ հայկական համայնքին նկատմամբ ամբողջ աշխարհի հայութեան կողմէ։ Միջպետական մակարդակի վրայ Ռուսիոյ հայկական համայնքին կարողականութիւնը՝ իբրեւ կապող կամուրջ երկու երկիրներուն միջեւ, նուազ արդիւնաւէտութեամբ կը կիրարկուի, քան այլ երկիրներու հայկական համայնքներու լոպիինկի կարողականութիւնը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու համեմատութեամբ, եւ ասիկա այն պարագային, երբ Ռուսիոյ մէջ կ'ապրի աշխարհի մեծագոյն հայկական համայնքը», ըսած է Նաւոյեան։
«Ռուս-հայկական ընկերակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահը նաեւ ընդգծած է,որ ժամանակակից միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, սփիւռքը կարելի է կոչել արդիւնաւէտ քաղաքականութեան պաշարներու հիմք, որ կ'արտայայտէ պետութեան հզօրութիւնը։ Նաւոյեան շեշտած է, որ այդ առումով համաշխարհային հայկական սփիւռքը այն ուժն է,որ ընդունակ է ազդելու միջազգային հոլովոյթներուն վրայ։ Ան նկատեց,որ Հայաստան սփիւռքը կը դիտարկէ իբրեւ գործօն մը, որ ընդունակ է ոչ միայն օգնելու պետութեան եւ դրական միտումներու զարգացման տնտեսական մարզին մէջ, այլ նաեւ զգալիօրէն ամրապնդած է Հայաստանի դիրքերը միջազգային ասպարէզին մէջ։ Ան ըսած է, որ բազմաթիւ հեղինակաւոր հայ համայնքներու ներկայութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ կ'օգնէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker