ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 25, 2010 Տպագրում

Խորհրդարանը Ընդունեց Օտարալեզու Դպրոցներու Մասին Օրինագիծը

Խորհրդարանը Ընդունեց Օտարալեզու Դպրոցներու Մասին Օրինագիծը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովը Յունիս 24ին առաջին ընթերցումով ընդունեց Հայաստանի մէջ օտար լեզուներով կրթութիւնը թոյլատրող վիճահարոյց օրինագիծերը:

«Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու փաթեթին, առաջին ընթերցումով, կողմ քուէարկած է 71, դէմ՝ 13, իսկ ձեռնպահ՝ 1 պատգամաւոր: Կառավարութեան ներկայացուցած փաթեթին դէմ քուէարկեցին «Ժառանգութիւն» ու ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութիւններուն ներկայ պատգամաւորները եւ անկախ պատգամաւոր Վիքթոր Դալլաքեանը:

Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեան (ՀՀԿ) լրագրողներուն յայտնեց, թէ օրէնսդրական փաթեթի երկրորդ ընթերցումին նախորդող քննարկումները տեղի պիտի ունենան աշնան:

Քուէարկութեան ընթացքին, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարուէր: Ցուցարարները «ամօթ» ու «դաւաճան» կը գոչէին, եւ կը սուլէին, երբ շէնքէն դուրս կու գային կառավարող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ օրինագիծերը դուրս կը բերեն 90ականներու սկիզբը որդեգրուած Հայաստանի մէջ օտար լեզուով դասաւանդող դպրոցներ բանալու արգելքը: Փոխուած օրէնքը պիտի արտօնէ Հայաստանի մէջ 11 օտարալեզու դպրոցներ բանալ:

Այս առթիւ, «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցներու վերաբացման» նախաձեռնող խումբը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.

«ՀՀ Ազգային ժողովը 2010 թ. Յունիսի 24ին, առաջին ընթերցմամբ քուէարկեց Լեզուի մասին եւ Հանրակրթութեան մասին օրէնքներում փոփոխութիւնների՝ կառավարութեան ազգադաւ նախագծի օգտին՝ 71 կողմ, 13 դէմ եւ 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ: Սա կատարուեց Սուրբ թարգմանիչներ Սահակի եւ Մեսրոպի տօնի օրը, Անկախութեան հռչակագիր ընդունած դահլիճում: Այս կապակցութեամբ, «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» քաղաքացիական շարժումը՝

ա. Վերահաստատում է իր սկզբունքները եւ վճռականութիւնը՝ կանխելու ապազգային եւ հակասահմանադրական ձեռնարկումները,

բ. Յայտարարում է պայքարի նոր փուլ թեւակոխելու մասին,

գ. Առաջիկայ համաժողովի ընթացքում, որի մասին կը յայտարարուի լրացուցիչ, կ՛ընդունի համազգային կոչ եւ կը ներկայացնի հետագայ գործողութիւնները,

դ. Կոչ է անում բոլոր ուժերին եւ շահագրգիռ անհատներին եռանդով միանալ մեր աշխատանքներին՝ ընդհանուր մօտեցումների ձեւաւորմանը մասնակից լինելու լայն հնարաւորութեամբ:

«« վերադարձ ««