Հայաստանի Նախագահին Յայտարարած Եկամուտները
ԵՐԵՒԱՆ, «7օր».- 2008ի մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն համաձայն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարագիրի՝ եկամուտներու ու անոնց գոյացման աղբիւրներու բաժինին մէջ նշուած է, որ 2006ին ան աշխատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ եւ ստացած՝ 3.6 միլիոն դրամ, իսկ այլ եկամուտներ չէ ունեցած:
Իբրեւ դրամական միջոց, Ս. Սարգսեան 2006ի սկիզբը ունեցած է 27 միլիոն դրամ եւ 69 հազար տոլար, իսկ տարեվերջին՝ 58 միլիոն դրամ եւ 0 տոլար:
Իբրեւ մշակութային արժէքներ եւ այլ հնաոճ իրեր, Հայաստանի այժմու նախագահը յայտարարագրած է հանրայայտ նկարիչներու 32 կտաւ, 18-20րդ դարերու արձանիկներ, քանդակներ եւ այլ իրեր: 2006ի դրութեամբ, Ս. Սարգսեան միանձնեայ սեփականութեան կարգով ունեցած է 1992ի արտադրութեամբ «Mitsubishi» ինքնաշարժ մը, իսկ համասեփականութեան կարգով՝ մէկ բնակարան Ստեփանակերտի մէջ (96 քմ.):
«« վերադարձ ««



