ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 23, 2010 Տպագրում

«Հայերուն Կողմէ Յարձակում Տեղի Չէ Ունեցած»

«Հայերուն Կողմէ Յարձակում Տեղի Չէ Ունեցած»

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը «Երկիր Մետիա»ի խօսելով մեկնաբանած է անցեալ շաբաթավերջին ԼՂՀի շփման գծին վրայ տեղի ունեցած դէպքը: Ան հերքած է ԼՂՀ պաշտպանական բանակի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին տեղեկատուութիւնը, դիտել տալով, որ «ատրպէյճանական կողմի հերթական ապատեղեկատուութեան արդիւնք է:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական բանակը այդ միջադէպի հետ որեւէ առընչութիւն չունի: Դրա պատճառները թող փնտռեն ատրպէյճանական բանակում առկայ միջանձնային յարաբերութիւններին մէջ»:

Նշենք, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին որ ԼՂՀ պաշտպանական բանակը Ֆիզուլիի պաշտպանական դիրքերէն յարձակում գործած է թշնամիի ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական լրատուութիւնը զոհերու մասին ալ խօսք կ'ընէր:

«« վերադարձ ««