Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

Արցախի Պետութիւնը Երեք Տարիով Կը Յետաձգէ Հողը Մշակողներէն Պարտքերու Հաւաքագրումը

Արցախի Պետութիւնը Երեք Տարիով Կը Յետաձգէ Հողը Մշակողներէն Պարտքերու Հաւաքագրումը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Օգոստոս 24ին, խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջաններու վարչակազմերուն ղեկավարները, որոնց հետ քննարկուած են վերջերս ԼՂՀ անվտանգութեան խորհուրդի նիստին արծարծուած՝ աշնանացանի կազմակերպման եւ հող օգտագործողներու պարտաւորութիւններուն հարցերը: Խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարուած է, որ պետութեան հանդէպ հող օգտագործողներուն պարտաւորութիւնները կը յետաձգուին 3 տարիով՝ հաւասարաչափ վճարման սկզբունքով:

Կառավարութիւնը, այս ձեւով՝ կ՛ընդառաջէ հող օգտագործողներուն եւ կը խթանէ հողի մշակութեան աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելով: Այս քայլը լայն հնարաւորութիւն կու տայ յատկապէս առատ բերք ստացողներուն՝ միջոցները կրկին վերարտադրութեան ուղղելու համար:

Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է ժամանակին եւ պատշաճ մակարդակով ձեռնամուխ ըլլալ աշնանացանին: Վարչապետը յորդորած է կարելի եղածին չափ շատ հերկ կատարել: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ հող օգտգործողները վարկերու ձեռքբերման հետ կապուած խնդիրներ պիտի չունենան, որովհետեւ պետութիւնը պահանջարկին համապատասխան վարկեր պիտի տրամադրէ: Խնդիրներ պիտի չըլլան նաեւ սերմի ձեռքբերման վերաբերեալ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker