Share
Օգոստոս 25, 2010 Տպագրում

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ' ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 23 օգոստոս 2010-ի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Լիբանանի մէջ ունեցած իր եզրափակիչ հանդիպումներուն շարքին անձնական այցելութիւն տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Նախագահին կ'ընկերանային իր պատուիրակութեան անդամները:

Նախագահը նախ այցելեց Պիքֆայայի մէջ կառուցուած Ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ապա ան մտերմական զրոյց ունեցաւ միաբաններուն եւ յատկապէս դպրեվանքի սաներուն հետ:

Երեկոյեան նախագահը եւ իր պատուիրակութեան անդամները ընթրիքի հիւրը եղան վեհափառին: Մտերմական այս հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, ու յատկապէս Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:

Յայտնենք, որ երէկ նախագահ Սահակեան եզրափակեց Լիբանան տուած իր այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Արցախ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker