Վահրամ Աթանեսեան. «Ազրպէյճան իւրովի կը մեկնաբանէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը»
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Աթանեսեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ էական փոփոխութիւններ չեն կատարուած եւ մօտիկ ապագային արմատական որեւէ զարգացում պիտի չարձանագրուի։
Ըստ անոր, Ազրպէյճան կը փորձէ հիմնախնդիրի էութիւնն ու բանակցային հոլովոյթը խեղաթիւրել եւ իւրովի կը մեկնաբանէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը։
«Ղարաբաղի խորհրդարանականները Արցախի իրաւունքի ճանաչում ըսելով նկատի ունին ձեռք բերուած իրաւունքի, այսինքն՝ փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումը։ Անկէ ետք միայն Արցախը՝ իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւահաւասար երկիր, պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ քննարկելու բոլոր վիճելի հարցերը», նշած է Վ. Աթանեսեան։
Վ. Աթանեսեան նշած է, որ Ղարաբաղի գործադիր իշխանութիւնը, նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, կը վարէ այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան՝ կարելի չէ տագնապի լուծում։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ քայլեր կը կատարուին ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ուղղութեամբ, Աթանեսեան նշած է, որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները պիւտճէի ընձեռած կարելիութիւններուն ծիրին մէջ կը ձեռնարկեն քայլերու։ Սակայն, ըստ անոր, «ազատագրուած տարածքներ» արտայայտութիւնը պէտք է շրջանառութենէն դուրս հանել, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրութեան մէջ անոնք ղարաբաղեան տարածքներ կը նկատուին։
Իսկ «վերաբնակեցում» բառին փոխարէն Վ. Աթանեսեան կ'առաջարկէ օգտագործել «հայրենադարձութիւն» եզրը, քանի որ 1923-1988 թուականներուն գտնուելով Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան կազմին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը ենթարկուած է ժողովրդագրական նախայարձակումի։




