Share
Օգոստոս 31, 2010 Տպագրում

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ

Հակառակ սահմանադրական արգելքներու վերացման՝ այս պահուն Ազրպէյճան ծրագիր չունի իր տարածքին մէջ օտար պետութեան ռազմակայան տեղակայելու։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է,որ այս պահուն այսպիսի ծրագիրներ չկան։ Ան աւելցուցած է,որ ամէն ինչ կախեալ է Ազրպէյճանի ցանկութենէն եւ Թուրքիոյ պատրաստակամութենէն։

Անցեալ շաբաթ լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ 16 օգոստոսին Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին կնքուած «Ռազմավարական համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին» թուրք-ազրպէյճանական համաձայնագիրը, որուն բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած, կը բովանդակէ այնպիսի դրոյթներ,որոնք թոյլ կու տան Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայան տեղակայել։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker