Share
Մարտ 09, 2010 Տպագրում

Ատրպէյճան Համաձայն Է Մատրիտեան «Թարմացուած» Սկզբունքներուն

Ատրպէյճան Համաձայն Է Մատրիտեան «Թարմացուած» Սկզբունքներուն

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով անցեալ Ուրբաթ օր, Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Էլխան Փալուխովի, այս հանդիպման ընթացքին Մամետեարով համանախագահներուն փոխանցած է, թէ Ատրպէյճան, քանի մը բացառութիւններով, կþընդունի կարգաւորման փաստաթուղթը, զոր առաջարկուած է մատրիտեան սկզբունքներու նորացուած տարբերակին հիման վրայ:

Համանախագահները, իրենց կարգին, հանդիպումէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր կը նշեն, թէ Եուրի Մերզլեաքով, Պեռնար Ֆասիէ եւ Ռապըրթ Պրատթքի, Մամետեարովի հետ անդրադարձած են բանակցութիւններու ներկայ փուլին, քննարկած են Ատրպէյճանի ու Հայաստանի վերաբերումը մատրիտեան սկզբունքներու նորացուած տարբերակին, որ ներկայացուեցաւ 2009-ի Դեկտեմբերին ու 2010-ի Յունուարին:
Նոյն յայտարարութիւնը կը յայտնէ, թէ համանախագահները այս ամսուան վերջաւորութեան դարձեալ Փարիզի մէջ, պիտի հանդիպին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, ապա պիտի այցելելել տարածաշրջան:

 

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker