ՍԵՄՆԵՊԻ. «Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւնները Պէտք Է Արժանանան Միջազգային Հանրութեան Լուրջ Ուշադրութեան»

Անդրադառնալով 18 յունիսին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախում՝ին երէկ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները պէտք է արժանանան միջազգային հանրութեան լուրջ ուշադրութեան։
Ա. Պաղտասարեան իր կարգին նշեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է դատապարտէ այսպիսի գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, որպէսզի անոնք այլեւս չկրկնուին։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տագնապներու լուծման վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի թիւ 2216 բանաձեւին։ Ա. Պաղտասարեան ընդգծեց, որ այսպիսի բանաձեւեր կամ յայտարարութիւններ, որոնք միակողմանի են եւ չեն հիմնուած լիակատար տեղեկատուութեան վրայ, կը խոչընդոտեն Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն 2009-2011 թուականներու գործողութիւններու ծրագիրին վերաբերող հարցեր։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան ընդունեց Երեւանի մէջ գտնուող Հարաւային Կովկասի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Ա. Կիրակոսեան եւ Սեմնեպի քննարկեցին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան հեռանկարները։
Հիւրին խնդրանքով, փոխ նախարարը ներկայացուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ քննարկուեցան կարգ մը շրջանային հարցեր։


