Share
Սեպտեմբեր 01, 2010 Տպագրում

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ՝ լուսաբացին, մօտաւորապէս ժամը 6։30-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով) ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գօտիին մէջ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ(Վերին Չայլու գիւղի շրջանին մէջ) տեղակայուած հայկական դիրքերէն մէկուն վրայ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած է հետախուզական գործողութեան փորձ մը։

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մամլոյ ծառայութիւնը news.am լրատուական կայքէջին կը յայտնէ,որ հայ դիրքապահները ժամանակին նկատելով ազրպէյճանցի յատուկ նշանակութեան ջոկատայիներու յառաջխաղացքը, առանց վարանելու դիմած են համապատասխան քայլերու եւ հակառակորդին պատճառելով կորուստներ՝ նահանջի մղած են զայն։ Ծաւալած մերձամարտին ընթացքին վիրաւորուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի շարքային զինուոր՝ 1991-ին ծնած Ռուտիկ Թովմաս Մանասերեան։

Հետաքննութիւն կը կատարուի միջադէպին վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ 18 յուլիսի գիշերը այլ հետախուզական գործողութեան մը իբրեւ արդիւնք՝ Չայլուի ուղղութեամբ, զոհուած էին 4 զինուորներ Լեռնային Ղարաբաղի բանակէն, իսկ 4 ուրիշներ վիրաւորուած էին։ Ազրպէյճանցի հետախուզողները նահանջած էին՝ մարտի դաշտին վրայ մէկ դիակ ձգելով։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker