Յունիս 19, 2010

«« վերադարձ ««
Ազրպէյճան Դարձեալ Կը Խախտէ Զինադադարը

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով հերոսի մահով զոհուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի շարքային զինուոր Անուշաւան Կիրակոսեան։
Զինադադարի դրութեան խախտումներ արձանագրուած են նաեւ յաջորդ օրուան ընթացքին։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի յառաջապահ ուժերը համապատասխան միջոցառումներու դիմած են եւ լռեցուցած հակառակորդը։


