Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

Ատրպէյճան Դարձեալ Կը Փորձէ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովին Բանաձեւ Ներկայացնել

Ատրպէյճան Դարձեալ Կը Փորձէ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովին Բանաձեւ Ներկայացնել

Ազատութիւն» կայանի թղթակից Ռուզաննա Ստեփանեան կը հաղոդրէ, որ Սեպտեմբեր 9ին, Ատրպէյճան ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի 64րդ նստաշրջանի օրակարգի հարց պիտի դարձնէ «գրաւեալ տարածքներու վրայ մարդու իրաւունքներու ոլորտէն ներս միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային չափորոշիչներու պահպանումը» վերնագրով բանաձեւի նախագիծը:

Այս փաստաթուղթին համաձայն, հակամարտութեան գօտի հանդիսացող տարածքներու կարգավիճակի, կազմակերպական կառուցուածքի եւ ժողովրդագրական կազմի միակողմանի փոփոխութիւնները «իրաւաբանական ուժ չունին եւ լրջօրէն կը խոչընդտեն բանակցութիւններու հիման վրայ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը»:

Ըստ ատրպեճանական նախագիծին, ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովը կարեւոր պէտք է նկատէ «Լեռնային Ղարաբաղէն, ինչպէս նաեւ անոր յարակից շրջաններէն արտաքսուած բնակչութեան՝ նախկին բնակավայրերը վերադառնալու անքակտելի իրաւունքը»:

Բանաձեւի նախագիծով Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) կ՛առաջարկուի ուսումնասիրութիւն կատարելու նպատակով «շտապ կարգով համապատասխան փորձագիտական գիտելիքներ ունեցող բազմազգ առաքելութիւն ուղարկել հակամարտութեան գօտի»՝ հետաքննելու եւ համապատասխան զեկոյց ներկայացնելու «միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւուքներու ոլորտէն ներս միջազգային չափանիշներու պահպանման վիճակի վերաբերեալ»:

Յիշեցնենք, որ «Իրադրութիւնը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու վրայ» վերնագրով օրակարգային կէտը Ատրպէյճան ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի օրակարգ մտցուցած էր 2004ին: Քանի դեռ «գրաւեալ տարածքներու հետ կապուած խնդիրը լուծուած չէ» եւ կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ, Ատրպէյճան հնարաւորութիւն կ՛ունենայ «Գրաւեալ տարածքներու վիճակի վերաբերեալ» պարբերաբար բանաձեւեր ներկայացնել:

2008ին ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովը ընդունած էր Ատրպէյճանի նախաձեռնած առաջին բանաձեւը, ուր կոչ կ՛ուղղուէր «հայկական զօրքերը անյապաղ դուրս բերել Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն»:

«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ ատրպեճանական այս նախաձեռնութեան մասին Հայաստանի արտաքին գործերոց նախարարութիւնը տեղեակ է:

Արդարեւ, «Ազատութիւն»ը կը մէջբերէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի գնահատականը այս նախաձեռնութեան: Ըստ Բալայեանի Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հերթական այս քայլը լուրջ վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացին:

«Հայաստանը մշտապէս արտայայտուել է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման լաւագոյն ձեւաչափը դա Մինսկի խումբն է, եւ այլ ձեւաչափերում հիմնախնդրի քննարկումը ապակառուցողական է, եւ լուրջ վնաս է հասցնում բանակցային գործընթացին»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանի համոզումով, հերթական անգամ քննարկման դնելով «գրաւեալ տարածքներու» վերաբերող բանաձեւի նախագիծը, Ատրպէյճան մտածուած դիւանագիտական քայլ կ՛իրականացնէ:

Ամէնէն վտանգաւորը, Արզումանեանի խօսքով, այն է, որ իրար յաջորդող բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները, որոնց շարքին՝ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ» արտայայտութիւնը, կը դառնայ ընդօրիանկելի տարբեր միջազգային կառոյցներու բանաձեւերու կողմէ: Արզումանեան վստահ է, որ բանաձեւը երբ ներկայացուի, անպայման կը հաստատուի Գլխաւոր Ժողովին կողմէ:

«Բացառւում է չընդունումը», «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցին ըսած է Արզումանեան, պարզաբանելով, որ «Ընդհանրապէս, Գլխաւոր ասամբլէայի կանոնակարգը հետեւեալն է. մեծամասնութիւն հասկացութիւն գոյութիւն չունի, եթէ 5 երկիր կողմ քուէարկի, մնացածը ձեռնպահ, բանաձեւը համարւում է ընդունուած: Նման դէպքերում երկրների մեծամասնութիւնը ձեռնպահ է մնում քուէարկելուց, որ կողմնակալութիւն չցուցաբերի: Եւ դէմ քուէարկելը նման հումանիտար նաեւ բաներ ընդգրկող բանաձեւին, ընդունուած պրակտիկա չէ»:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker