«ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Սղուած Եզրեր Եւ Դժուար Եզրայանգումներ

Փեթերսպուրկի եռակողմ հանդիպման մասին դրական շեշտեր հաղորդելու ճիգը նկատառելի է։ Միջնորդը այս պարագային Ռուսիան է։ Տեղեկատուութիւնը շրջանառութեան մէջ դնողը եւս Ռուսիան է։ Թէեւ ամփոփ, իւրաքանչիւր բառ կշռած լրատուութիւնը կը խօսէր վիճելի հարցերուն նկատմամբ կողմերուն արձանագրած մերձեցումին մասին։ Որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէր հետեւեր հանդիպումին։ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբերին կատարած յայտարարութիւնը պէտք է հիմ ունենալ հետագայ հաստատումներն ու եզրայանգումները կատարելու համար։
Զուսպ, զգուշաւոր լրատուութենէն շատ բան կարելի չէ քաղել եւ մեկնաբանութիւններ ծաւալել։ Հանդիպումին աքթը սակայն, իբրեւ երեւոյթ տեղի կու տայ որոշ վերլուծաբանութեան։ Թէեւ ուղղակի այս հանդիպումին համար չէ որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները մեկնած են Փեթերսպուրկ եւ օրինաչափ է ընդհանրապէս, որ այլ համաժողովներու համար համատեղ ներկայութիւն եղող նախագահները հանդիպին։ Այստեղ եռակողմանիութիւնը նշանակութիւն ունի յատկապէս նախաձեռնող միջնորդը նկատի ունենալով։
Հանդիպումին աքթը կարեւոր է վերահաստատելու համար, որ շրջանի կարեւոր խնդիրներն ու տագնապները լուծելու գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն ունի երրորդ կողմը։ Այս մէկը անպայմանօրէն կը կապուի Թուրքիոյ նկրտումներուն՝ ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծման համար «միջնորդ» դառնալու։
Անգարան երկրորդ պատասխան մըն ալ կը ստանայ այս ձեւով՝ իրողական միջնորդի վերահաստատումէն անկախ։ Հանդիպման բովանդակութիւնը, ճիշդ է, չէ գաղտնազերծուած։ Ամփոփ լրատուութիւնն ու Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբերին կատարած նոյնանման յայտարարութիւնը որեւէ բառակապակցութիւն չեն օգտագործած, որ կրնայ տեղի տալ որեւէ առնչութեան՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն։ Ղարաբաղեան հարցը, շրջուած կարգով, չէ կապակցուած հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարին։ Հակառակ՝ Պաքուի մէջ թուրք դեսպանի պաշտօնական ակնկալութեան։
Երկու պատասխան ալ Ազրպէյճանը ստացած կը թուի ըլլալ։ Նախ այն, որ որոշուած է բանակցային գործընթացը շարունակել, ինչ որ կ'իմաստազրկէ Պաքուէն անվերջանալիօրէն հնչող ռազմատենչ յանկերգումները։ Եւ երկրորդ՝ պահուած է բանակցային ձեւաչափը՝ Մինսքի խմբակին համանախագահական դրութիւնը։ Չմոռնանք, որ հետեւողական փորձ կը կատարուէր Ազրպէյճանի կողմէ թղթածրարը տեղափոխելու բանակցային այլ միջավայր։
Ռուս-թուրք մերձեցման նախադրեալներ նախանշող նախընթաց զարգացումները գէթ հրապարակուած տողերուն մէջ դրսեւորումներ չեն ունեցած։ Կային ի հարկէ տեղին մտահոգութիւններ, որ Մետվետեւ-Էրտողան հանդիպումը կրնայ ճամբայ հարթել ղարաբաղեան տագնապի ազրպէյճանանպաստ լուծումի։
Փեթերսպուրկեան հանդիպումին հետեւած հրապարակումները, մինչ այժմ, որեւէ հիմնական նորութիւն չեն բերեր։ Մէկ երանգային տարբերութեամբ, որ կրնայ հիմնական նորութեան իմաստ ներփակել։ Ակնարկութիւն կայ բանակցութիւնները շարունակելու մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ։ «Նորացուած» եզրը կը բացակայի։ Թէեւ բանակցային սեղանին վրայ գտնուող փաստաթուղթը չէ գաղտնազերծուած, այսուհանդերձ նկատառելի մեկնաբանական հրապարակումներ կան այն մասին, որ նախորդ տարբերակը մերժելի էր Ազրպէյճանի համար եւ ընդունելի՝ Հայաստանին, մինչդեռ «նորացուած»ը՝ հակառակը։ Այժմ կը խօսուի մատրիտեանին մասին, որուն վիճելի կէտերուն նկատմամբ երկկողմանի մերձեցում նկատուած է։
Վերստին ընդգծենք, որ հրապարակուած սեղմ տողերուն վրայ հիմնուելով կարելի չէ եզրայանգումներ բանաձեւել։ Իսկ եթէ հանդիպումի աքթը, երեւոյթն ու ձեւաչափը նկատի պիտի ունենանք, կարելի է անվարան հաստատել, որ Փեթերսպուրկի հանդիպումը վերափաստած է արցախեան հանգուցալուծման գործընթացին մէջ ռուսական գործօնին անշրջանցելիութիւնը։ Վերը նշուած կէտերը նկատի ունենալով հանդերձ, տարբեր հարց է, թէ քաղաքական ներկայ իրադրութիւններուն մէջ այս մէկը յօգուտ ո՛ր կողմին է։


