Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

Ըստ Պաքուի, Հայաստան-Ռուսիա Համաձայնագիրը Կը Խախտէ 1992ի Համաձայնագիրի Պայմանները

Ըստ Պաքուի, Հայաստան-Ռուսիա Համաձայնագիրը Կը Խախտէ 1992ի Համաձայնագիրի Պայմանները

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով, մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, լրագրողներու յայտնած է. «1992ին, ԵԱՀԿի ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կնքուած է աւանդական սպառազինութիւններու կրճատման մասին համաձայնագիր, որու ճամբով կը սահմանուէր Հարաւային Կովկասի երկիրներու համար նախատեսուած սպառազինութիւններու մասնաբաժինը։ Մենք կը կարծենք, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ վերջին համաձայնագիրի ստորագրումը կրնայ խախտել վերոնշեալ համաձայնագիրի պայմանները»:

Հասանով աւելցուցած է, որ հակառակ այս կարծիքին, Ատրպէյճան չի պատրաստուիր հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն միջամտելու։

Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ղեկավարը նաեւ յայտնած է, թէ Ատրպէյճան մտադիր չէ անդամակցելու ՆԱԹՕի կամ ՀԱՊԿի, եւ նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ չի մտածեր, որովտետեւ այդ կազմակերպութիւնները չեն դատապարտած Հայաստանի «բռնագրաւում»ն ու «յարձակողապաշտ» քաղաքականութիւնը։

Ըստ անոր, Ատրպէյճանը կը հրաժարի ՀԱՊԿի անդամակցիլ, որովհետեւ չի փափաքիր Հայաստանի հետ ըլլալ նոյն կազմակերպութեան մէջ։

Նշենք, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան անդամ են ՄԱԿի, ԵԱՀԿի, Եւրոպայի Խորհուրդի, ԱՊՀի, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։

Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացման հարցին, Հասանով  յայտնած է, թէ այդ մէկը չի բխիր ո՛չ Թուրքիոյ ո՛չ ալ Ատրպէյճանի շահերէն։ Ըստ անոր, ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ Հայաստանը «շարունակէ ապակառուցողական դիրք բռնել բանակցութիւններուն մէջ»։

«Մենք այդ դիրքորոշումը փոխանցած ենք Թուրքիոյ պաշտօնատար անձերուն, եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլը բազմաթիւ անգամներ ըսած են, որ քանի դեռ Հայաստանը կառուցողական դիրքորոշում չէ որդեգրած ղարաբաղեան հարցին մէջ, սահմանը չի բացուիր։ Մենք կը հաւատանք Թուրքիոյ պաշտօնատար անձերուն եւ կը կարծեմ, որ քանի դեռ պայմանները չեն ապահովուած, սահմանը չի բացուիր»։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker