Յունիս 23, 2010

«« վերադարձ ««
Քոլոմպիէ. Այսուհետեւ Հայատանի Հարցով Համազեկուցող Չէ

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ֆրանսացի խորհրդարանական Ժորժ Քոլոմպիէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի երէկուան նիստին ընթացքին յայտնած է, որ իր լիազօրութիւնները կը դադրեցնէ իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցող՝ պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտելուն պատճառով։
Նիստին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի հարցով միւս համազեկուցող Ճոն Փրեսքոթ, վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան։ Նիստին ընթացքին ներկայացուած է 1 - 2 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններու հետեւանքներուն վերացման ուղղութեամբ «Մարտ 1»ի խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբի առաջարկներու իրականացման ճամբու քարտէզը։


