ԸՍՏ ՍԵՐԿԷՅ ՄԱՐՔԵՏՈՆՈՎԻ. Հայաստանի Համար Ներկայ Իրադրութիւնը Արդէն Յաղթանակ Է

Ռուսիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերլուծումներու հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնախնդիրներու բաժանմունքի վարիչ Սերկէյ Մարքետոնով «Արմինֆօ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւս քոն մօտիկ ապագային փոփոխութեան պիտի չենթարկուի։ Ըստ անոր, Հայաստանի համար ներկայ իրավիճակը արդէն յաղթանակ մըն է։ Ան նշեց, որ հարցը այն է, որ արդեօք Հայաստան բաւարար պաշարներ ունի՞ այդ յաղթանակը պահպանելու համար։
Ս. Մարքետոնով ընդգծեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան ռուս - թրքական բանակցութիւններու ընթացքին պարբերաբար կ'արծարծէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ պիտի շարունակէ արծարծել, քանի որ «առարկայական եւ անխուսափելի պատճառներով» տեղի ունեցած է «հայ - թրքական յարաբերութիւններու եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի մերձեցումը»։
Ըստ Մարքետոնովի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, թէ տագնապը կը լուծուի Մոսկուայէն, սակայն այդ մէկը ճիշդ չէ։ Ան նկատել տուաւ, որ տագնապի կողմերը իրենք պէտք է գտնեն փոխզիջումային բանաձեւեր։


