Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԻՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱՆԷՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԻՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱՆԷՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ուրբաթ ուշ գիշերին հեռաձայնած է իրանցի իր գործընկերոջ՝ Մանուշեհր Մոթթաքիին՝ բացատրութիւն պահանջելով Իրանի փոխնախագահի այն յայտարարութեան մասին, որուն մէջ ան ակնարկութիւն կը կատարէր Հայոց ցեղասպանութեան։ Մոթթաքքի ըսած է, որ Իրանի դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ կը համապատասխանէ Թուրքիոյ դիրքորոշումին։

Տաւութօղլու աւելի ուշ լրագրողներուն պատմած է, թէ «ես խնդրեցի, որ պարոն Մոթթաքին բացատրութիւն տայ»։

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայի ըսած է, թէ « Օսմանեան կայսրութիւնը 1915-ին որոշ քանակութեամբ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է»։

Ըստ Տաւութօղլուի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս կապուած է Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատան եւ Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հետ։ Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը այդ հարցով այցելած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Աւելի ուշ Տաւութօղլու հեռաձայնած է Մոթթաքիին։

Պաղայիի յայտարարութեան մասին տեղեկութեան տարածումէն ետք Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատունը տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ'ըսուէր, թէ Իրանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը ճշգրտօրէն չէ մեկնաբանուած որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ, Պաղային խօսած է ցեղասպանութեան մասին իբրեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդրոյ առարկայ հարց եւ ոչ թէ այդ մասին իր կարծիքը յայտարարած է։

Մոթթաքի նաեւ յիշեցուցած է Տաւութօղլուին, որ համագումարը, ուր Իրանի փոխնախագահի յայտարարութիւնը կատարած էր, նուիրուած էր ոչ թէ Համաշխարհային Ա., այլ Բ. պատերազմին։

Բայց եւ այնպէս, օրաթերթը կը գրէ, որ Մոթթաքիի պատասխանը չէ բաւարարած Տաւութօղլուն։ Ան ըսած է, որ Թուրքիան անձամբ Պաղայիէն բացատրութիւն կը սպասէ։ Մոթթաքի խոստացած է, որ այդ բացատրութիւնը պիտի տրուի։

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Վանի մէջ իրանցի զբօսաշրջիկներու փոխադրակառքը քարկոծելու փաստին առնչութեամբ յայտարարութիւն մը հրապարակած է։

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, թէ հակառակ անոր որ տեղի ունեցած միջադէպերուն պատճառով ոչ ոք վիրաւորուած է, անոնք զգալի վնաս կը հասցնեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այդպիսի միջադէպերու պատճառով պիտի դադրի դէպի Թուրքիա կրօնական զբօսաշրջութիւնը։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker