Share
Օգոստոս 31, 2010 Տպագրում

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԿԸ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԵՐԿՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԿԸ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԵՐԿՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ վերջին օրերուն որոշ լրատուամիջոցներու մէջ բուռն քննարկումներ ծաւալած են Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի մասին համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ ստորագրուած արձանագրութեան շուրջ։ Ըստ հաղորդագրութեան, տարբեր մեկնաբաններ, իրենց կարծիքները ներկայացնելով կը նշեն, որ անով կը խախտի ուժերու հաւասարակշռութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման շրջանին մէջ եւ կը վտանգուի Լեռնային Ղարաբաղին խնդիրին խաղաղ լուծման հոլովոյթը։ Իսկ հայ-ռուսական արձանագրութեան ազրպէյճանական արձագանգները ուղղակի հիւանդագին են։

Հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի,որ վերջերս այսպիսի յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Է. Սապիրօղլու։ Մեկնաբանելով ստորագրուած արձանագրութիւնը՝ Սապիրօղլու իրեն իրաւունք վերապահած է յայտարարելու,որ «Հայաստան այլեւս չի կրնար հանդէս գալ իբրեւ անկախ պետութիւն»։

Հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ այսպիսի որակումներ ուղղակի դրացի երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին հերթական զառանցանքն են, անգրագիտութեան եւ բթամտութեան դրսեւորման ձեւեր են եւ ուրիշ ոչինչ։

«Պարզ է, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ռազմակայանի գործունէութեան երկարաձգման եւ գործառոյթներու ընդլայնման հայ-ռուսական արձանագրութեան ստորագրումը Ազրպէյճանը հանած է իր հաւասարակշռութենէն. այս համաձայնագիրը ռազմական առումով կ'ապահովէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը շրջանին մէջ, առաւել եւս կ'ամրացնէ Հայաստանի դիրքերը շրջանին մէջ, կը կանխէ հայ-ազրպէյճանական պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը եւ անիմաստ կը դարձնէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ ներքին սպառման համար պարբերաբար կրկնուող ռազմատենչ յայտարարութիւնները», կ'ընդգծուի յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի պատպանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հարկ կը նկատէ նշել, որ Ռուսիա Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է եւ ստորագրուած փաստաթուղթը կը համապատասխանէ երկու ինքնիշխան պետութիւններու ռազմավարական հետաքրքրութիւններուն եւ կը բխի շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման շահերէն։ Ըստ հաղորդագրութեան, ինչ կը վերաբերի ինքնուրոյն որոշումներ տալու կարելիութեան, ապա հայկական բանակը ամուր կանգնած է Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ պատրաստ է որեւէ պահու դիմագրաւելու եւ արժանի հակահարուած տալու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ ոտնձգութեան։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker