Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Մարտ 09, 2010 Տպագրում

Էրտողան «Կատակերգութիւն» Կþորակէ Թիւ 252 Բանաձեւին Վաւերացումը

Էրտողան «Կատակերգութիւն» Կþորակէ Թիւ 252 Բանաձեւին Վաւերացումը

ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Շաբաթ, Մարտ 6-ին, Թուրքիոյ գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու համախմբումի ժողովին ընթացքին խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, յայտնելով, որ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին այս շրջանին մէջ ամէն տունէ ալ զոհեր եղած են։ Ի հարկէ այդ դառնութիւնները չենք մոռցած եւ պիտի չմոռնանք, սակայն այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն վրայ մեր ապագան պիտի չկառուցենք։ Մեծ պետութիւնները անցեալէն պէտք է դաս քաղեն եւ ապագային նային։ Նախորդ օրը Միացեալ Նահանգներու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ հայկական օրինագիծը 23 թեր եւ 22 դէմ քուէարկութեամբ անցաւ։

Հիմա ո՞վ յաղթեց՝ Հայաստա՞նը, թէ Միացեալ Նահանգները։ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ այնպիսի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է, կարծես կատակերգութիւն ըլլար։ Այնտեղ «այո» կամ «ոչ»ի պայքար կþընթանար։ Քուէարկողներէն քանի՞ն կրնայ քարտէսին վրայ Հայաստանի տեղը ցոյց տալ։ Կրկին կը յիշեցնեմ, որ Թուրքիա մեծ երկիր է, եւ այդ մէկը լաւ չհասկցողները շուտով պիտի հասկնան։

«Շատ պարզ կþըսեմ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ընդունուած որոշումը Թուրքիոյ ոչ մէկ վնաս պիտի հասցնէ։ Կորսնցնողը մենք չենք, կորսնցնողը կարճ մտածողներն են», ըսաւ Էրտողան։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ յայտարարեց, թէ Թուրքիա երբե՛ք ճնշումի տակ պիտի չընդունի որոշում մը, որուն չի հաւատար։ «Որոշումին մէջ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ որեւէ յարգանք չկայ։ Միացեալ Նահանգներու նման երկրի մը մէջ քաղաքական գործիչները ինչպէ՛ս կþօգտագործեն քուէները։ Անոնք իրենց ընտրատարածքներուն մէջ հայ համայնքէն 3 կամ 5 քուէ ստանալու համար, իրենց դաշնակից երկրի մը դէմ կը քուէարկեն», ըսաւ ան։

Ըստ Կիւլի, եթէ Թուրքիոյ դէմ «քուէարկողներուն խնդրոյ առարկայ որոշումին մէջ յիշատակուող պատմութեան շուրջ հարցումներ տաք՝ երեք վայրկեան չեն կրնար խօսիլ։ Ատիկա շատ անհանգստացնող է։ Եթէ աշխարհին ուղղութիւն ցոյց տուող երկրի քաղաքական գործիչները այդպէս կը դրսեւորեն իրենք զիրենք, ապա աշխարհը հետաքրքրող իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս գլուխ պիտի հանեն։ Այդ որոշումը շրջանին մէջ խաղաղութեան համար գործադրուած ջանքերուն վնաս կը հասցնէ»։

 

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker