ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 24, 2010 Տպագրում

Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Կ'ուղղէ Յարգելու Զինադուլի Պայմանները

Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Կուղղէ Յարգելու Զինադուլի Պայմանները

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը երէկ տարածած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի մամլոյ քարտուղարի յայտարարութիւնը։

Անոր մէջ, Քեթրին Էշթըն կ'ափսոսայ 18 յունիսին Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան խախտումին պատճառով զոհերու արձանագրումին համար։

«Գերագոյն ներկայացուցիչը կողմերուն կոչ կ'ուղղէ յարգելու զինադադարի պայմանները, զերծ մնալու զէնքի եւ որեւէ սպառնալիքի կիրարկումէն եւ շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած իրենց ջանքերը։ Եւրոպական Միութիւնը վերստին կը հաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն եւ երեք համանախագահներու աշխատանքին», յայտարարած է Էշթըն։

«« վերադարձ ««