Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

ԼՂՀի Անկախութեան Հռչակման 19րդ Տարեդարձին Առիթով Տեղի Կ՛ունենան Տօնակատարութիւններ

ԼՂՀի Անկախութեան Հռչակման 19րդ Տարեդարձին Առիթով Տեղի Կ՛ունենան Տօնակատարութիւններ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մամուլի բաժնի վարիչ Նարինէ Ղազարեան նշած է, թէ ԼՂՀի անկախութեան հռչակման 19րդ տարեդարձին առիթով՝ Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանան շարք մը տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի սկսին Սեպտեմբեր 1ին։ Նախորդ տարիներու աւանդութեամբ՝ հանրապետութեան միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առաջին դասը պիտի նուիրուի Անկախութեան հռչակման, որ պիտի ներկայացուի ԼՂՀի պատգամաւորներու եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Անկախութեան հռչակման օրը՝ Սեպտեմբեր 2ին, Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ զինուորական քայլերթ: ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր պիտի այցելեն երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու քաղաքացիները. ծաղիկներ պիտի դրուին զոհուած ազատամարտիկներու եւ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:

Տօնակատարութիւններու շարքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ն. Ստեփանեանի յուշարձանի, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի վերանորոգուած կեդրոնական պուրակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Կը նախատեսուի նաեւ ԼՂՀի նկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս-վաճառք:

Տօնական ձեռնարկները պիտի եզրափակուին Ս. Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ՝ տօնական համերգով եւ հրավառութեամբ:
ԼՂՀի անկախութեան հռչակման տարեդարձը կը նշուի նաեւ հանրապետութեան այլ քաղաքներու մէջ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker