ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 17, 2010 Տպագրում

«Եռագոյնի Օր»ուան Երիտասարդական Տօնակատարութիւն

«Եռագոյնի Օր»ուան Երիտասարդական Տօնակատարութիւն

Երեքշաբթի երեկոյեան եռագոյն շապիկներ ու դրօշներ կրող շուրջ 3 հազար երիտասարդներու մասնակցութեամբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ հայկական դրօշին նուիրուած բեմականացուած քայլերթը, որը անցնելով մայրաքաղաքի կեդրոնէն՝ վերադարձաւ հրապարակ, եւ եռայարկ «բերդ» կազմելով ու քոչարի շուրջպարով տօնական բնոյթ տուաւ խորհրդանշական այս օրուան։

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Մենք» ազգային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի տնօրէն Պաւել Սարգսեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին խօսելով յայտնեց, որ տօնական այս միջոցառումներով փորձ կը կատարուի նպաստել հանրութեան մօտ Հայաստանի պետական դրօշի նկատմամբ առաւել ջերմ եւ յարգալից վերաբերմունքի ձեւաւորման։ «Եթե մենք համախմբւում ենք մեր դրօշի շուրջ, մենք լինում ենք աւելի ուժեղ, աւելի ազատ, աւելի հպարտ», - ըսաւ ան, աւելցնելով թէ «մենք պէտք է հպարտ լինենք, որ մեզ թողնուած է նման ժառանգութիւն»։

Միջոցառման կազմակերպիչները դիմում կատարեցին կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին՝ դրօշի օրը պետական տօներու շարքին դասելու առաջարկով։ Յունիս 15-ը ընտրուած է որպէս Եռագոյնի օր, քանի որ «Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի մասին» օրէնքը ընդունուած է 2006 թուականի Յունիս 15-ին։

«Թէ հանրային գիտակցութեան մէջ, եւ թէ պետութեան տարբեր կառոյցների կողմից դրօշի օգտագործումը ոչ ամբողջովին է մը-շակուած, ինչով էլ պայմանաւորուած է պետական խորհրդանիշների, այդ թւում դրօշի նկատմամբ հասարակութեան անտարբեր վերաբերմունքը», կարծիք յայտնեց ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանը։ - «Դրօշի համատարած օգտագործման մշակույթ այսօր Հայաստանում ձեւաւորուած չէ», ըսաւ ան: Յաճախ կարելի է հանդիպիլ մաշած, գունաթափուած կամ բոլորովին տարբեր երանգներով կարուած դրօշակներու:

«« վերադարձ ««