Share
Յունուար 16, 2010 Տպագրում

Սապինա Ֆրէյզըր. «Ռուսիա ցարաբաղեան խնդրի լուծման համար բաւարար լծակներ չունի»

Սապինա Ֆրէյզըր. «Ռուսիա ցարաբաղեան խնդրի լուծման համար բաւարար լծակներ չունի»

Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրներու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա կը փորձէ Ռուսիան դրդել Հայաստանի հետ աւելի սերտ աշխատանքի, որպէսզի վերջինս իր կարգին լրացուցիչ զիջումներ կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին։

Թուրքիա նաեւ կ'ուզէ, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ աւելի աշխուժ մասնակցին նաեւ միւս դերակատարները՝ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը։

«Ռուսիա բոլոր միջազգային խաղացողներուն մէջ մեծագոյն կարելիութիւնը ունի հասնելու համաձայնագիրի ստորագրութեան, սակայն ան ամենազօր չէ։ Համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարելի է միայն այն ատեն, երբ երկու երկիրներու հանրութիւնները պատրաստ ըլլան ընդունելու հիմնարար սկզբունքները», ըսած է ան։

Ֆրէյզըր դրական գնահատած է ԵԱՀԿ-ի բոլոր երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Ռուսիոյ աշխուժացումը՝ նկատելով, որ այդ գործընթացը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ պէտք է ուղեկցուի հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ լայն քննարկումներով, որովհետեւ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը կարելի է, երբ երկու երկիրներու հասարակութիւնները պատրաստ են զանոնք ընդունելու։

«Այդ սկզբունքները չեն կրնար Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին պարտադրուիլ ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ Անոնք պէտք է համաձայնութիւն գտնեն հասարակութիւններուն կողմէն», նկատել տուած է ան։

Ըստ Ֆրէյզըրի, լաւ է, որ Թուրքիա կը ձգտի խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնիլ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ փորձելով օգնել ղարաբաղեան տագնապի լուծման։ Սակայն Թուրքիա պէտք է գիտակցի, որ Ռուսիա չունի բաւարար լծակներ այդ խնդիրի լուծման համար։

«2008-ի նոյեմբերին ընդունուած մոսկովեան հռչակագիրը դարձաւ Ռուսիոյ անբաւարար ազդեցութեան օրինակ։ Ռուսական ղեկավարութիւնը իսկապէս քայլ կատարած է եւ յաջողութեան հասած՝ ստանալով երկու նախագահներուն ստորագրութիւնները, սակայն իրականութեան մէջ ատիկա ոչինչ փոխած չէ եւ չէ մօտեցուցած կողմերը համապարփակ համաձայնագիրին», նշած է Ֆրէյզըր։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker