Միջին Արեւելքի Մէջ Աճող Թրքական Ազդեցութիւնը Պատճառ Կը Դառնայ Հայերու Իրաւունքներու Սահմանափակման

Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը, նոյնիսկ մինչեւ Կազայի շուրջ Իսրայէլի հետ ծովային առճակատումը, արաբական որոշ երկիրներու ստիպած էր սահմանափակել տեղւոյն հայ համայնքներու քաղաքական իրաւունքները։
Մտավախութիւն կայ, որ Կազայի տագնապը, որ վարչապետ Էրտողանը դարձուց հերոս ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ, պատճառ դառնայ հայկական գործունէութիւններու յաւելեալ սահմանափակումներու՝ զանոնք նկատելով «հակաթրքական»։
Վերջին ամիսներուն Յորդանան, Լիբանան եւ Սուրիա յատուկ քայլերու ձեռնարկած են իրենց հայ քաղաքացիներուն գործունէութիւնը սահմանափակելու ուղղութեամբ՝ կա՛մ Թուրքիոյ արձագանգէն մտահոգուած, կա՛մ ալ թրքական իշխանութիւններուն անմիջական ճնշումին տակ։
Իբրեւ վառ օրինակ կրնայ ծառայել Յորդանանի կառավարութեան կողմէ ՀԲԸՄ-ի Միջին Արեւելքի երիտասարդ մասնագէտներու խորհրդաժողովը չեղեալ յայտարարելը. անիկա պէտք էր տեղի ունենար Ամմանի մէջ, 3-6 յունիսին։ Թալին Սուճեան «Տի Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ Յորդանանի իշխանութիւնները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհի տարբեր մասերէն 150 հայ երիտասարդներու հաւաքին առիթով։ Սուճեան, որ հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու «Հրանդ Տինքի ժառանգութիւնը» եւ «Հայ համայնքը Թուրքիոյ մէջ» նիւթերով, յայտարարած է, որ համագումարի կայացման նախորդ գիշերը կազմակերպիչներուն տեղեկացուցած էին, որ «վերիններուն» հրամանով անիկա չեղեալ յայտարարուած է։ Որոշ դէտեր ՀԲԸՄ-ի խորհրդաժողովին չեղեալ յայտարարուիլը կը վերագրեն Ազատ առեւտուրի գօտի հաստատելու մասին համաձայնագիրին, որ պէտք է ստորագրուէր Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ 10 յունիսին։ Մեկնաբան մը մատնանշած էր այն զաւեշտալի իրավիճակը, երբ Թուրքիոյ մէջ հայկական խորհրդաժողովները կը թոյլատրուին, իսկ Յորդանանի մէջ՝ ոչ։
Այս տարուան սկիզբը, երբ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանի մը անձնակազմը փորձած էր Սուրիա մտնել՝ Տէր Զօրի անապատին մէջ նկարահանումներ կատարելու համար, սահմանապահները հրաժարած են անոնց մուտքը արտօնել, հակառակ անոր որ նկարահանումներուն համար անոնք Սուրիոյ իշխանութիւններէն նախօրօք անհրաժեշտ թոյլտուութիւն ստացած էին։ Այս միջադէպը տեղի ունեցած է ամերիկեան «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «60 վայրկեան» հաղորդումին հեռարձակումէն շատ չանցած։ Հաղորդումին մէջ պատկերուած էին Տէր Զօրի անապատի աւազներէն դուրս ցցուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոսկորները։ Թրքական իշխանութիւնները բողոք ներկայացուցած էին Սուրիոյ կառավարութեան՝ իրենց երկրին մէջ «Սի. Պի. Էս.»ին «հակաթրքական» ժապաւէն նկարահանելու թոյլտուութեան համար։
Երրորդ միջադէպը անսպասելիօրէն տեղի ունեցած է Լիբանանի՝ սփիւռքի ամէնէն ազդեցիկ հայկական գաղութի օրրանին մէջ։ Զարմանալի է, որ կառավարութեան պաշտօնեաները արգիլած էին հեռարձակել Այլին Խաչատուրեանի «Զարթի՛ր որդեակ» երաժշտական տեսահոլովակը՝ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի երգ մը, որ հալածանքներուն դէմ դնելու կոչ կ'ուղղէ։ Թէեւ երգին մէջ Թուրքիոյ մասին ոչ մէկ յիշատակում կայ, սակայն Լիբանանի իշխանութիւնները մտահոգուած էին, որ անիկա կրնայ բացառաբար ազդել լիբանանեան - թրքական յարաբերութիւններուն վրայ։
Ասոնք հայ քաղաքացիներու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին մէջ բացայայտ միջամտութեան մտահոգիչ օրինակներ են։ Վերոնշեալ երեք երկիրներուն մէջ ալ հայերը շատոնց ամէնէն ջերմ յարաբերութիւնները ունեցած են համապատասխան իշխանութիւններուն հետ, եւ անոնց կողմէ կը դիտուին իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ։ Տեղւոյն հայկական համայնքներուն ղեկավարները՝ իբրեւ այդ երկիրներու քաղաքացիներ, պէտք է վճռականօրէն բողոքեն իրենց տարրական իրաւունքներու այսպիսի կամայական խախտումի դէմ։ Անոնք պէտք է աշխատանք տանին՝ իրենց համաքաղաքացիները տեղեակ պահելով տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ Իսրայէլի մօտիկ դաշնակից արաբական շահերուն հասցուած ահաւոր վնասին մասին։
Հայերը պէտք է մատնանշեն, որ հակառակ Էրտողանի հակաիսրայէլեան բոցաշունչ հռետորական ճառերուն, ան Իսրայէլի հետ կնքուած 16 համաձայնագիրներէն եւ ոչ մէկը, ներառեալ՝ հետախուզական փոխանակութեան մասին համաձայնագիրը չեղեալ չէ յայտարարած՝ ըստ «Թուտէյզ Զաման» թերթի տուեալներուն։ Անգարայի մէջ գործող Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար Սերաթ Լաչիներ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, որ երկու երկիրներու զինուորական ղեկավարները նաեւ շարք մը գաղտնի համաձայնագիրներ ստորագրած են։ Ըստ «Միտըլ Իսթ» ամսագիրին, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնները «1950-ական թուականներէն սկսեալ կը համագործակցին շրջանին մէջ արմատական իսլամական խմբակներու եւ Իրանի գաղտնի գործողութիւններուն դէմ պայքարին մէջ»։ Աւելի՛ն. ինչպէս կը հաղորդուի, Թուրքիա թոյլատրած է Իսրայէլին «վերահսկել Սուրիոյ զինեալ ուժերուն զօրավարժութիւնները՝ Թուրքիոյ տարածքէն»։ Բացի ատկէ, Թուրքիա 1.8 միլիառ տոլարի զինուորական համաձայնագիրներ կնքած է Իսրայէլի հետ, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու ընդհանուր շրջանառութիւնը 2009 թուականին հասած է 2.5 միլիառ տոլարի։ Իսրայէլեան աւելի քան 900 մեծ ընկերութիւններ կը գործեն Թուրքիոյ մէջ, եւ 1000-է աւելի փոքր արտահանողներ առեւտրական կապեր հաստատած են անոր հետ։
Էրտողան ճարպկօրէն օգտուեցաւ այն քաղաքական դատարկութենէն, որ յառաջացած էր պաղեստինցի ժողովուրդի իրավիճակին նկատմամբ արաբ ղեկավարներու անգործութենէն, անով իսկ բարձրացնելով ինչպէս իր, այնպէս ալ իր կուսակցութեան վարկանիշը 12 սեպտեմբերի սահմանադրական հանրաքուէի նախաշեմին եւ յաջորդ տարուան խորհրդարանական վճռորոշ ընտրութիւններէն առաջ՝ թոյլ տալով, որ օտարը կրէ արաբական աշխարհի առաջնորդի տիտղոսը։
Մինչեւ վարչապետ Էրտողանի յաջորդ ամիս Լիբանան նախատեսուած այցելութիւնը, ուր որոշ լիբանանցիներ անոր կրնան ընդունիլ իբրեւ «անարժան» հերոս, տեղւոյն հայերը պէտք է բացայայտեն պաղեստինցիներուն զօրակցելու անոր երեսպաշտական ներկայացումն ու համոզեն իրենց համաքաղաքացիները, որ ան կ'աշխատի մեկնելով իր սեփական եւ ոչ թէ Լիբանանի շահերէն։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր եւ հրատարակիչ


