Հայկազեան Համալսարանը կը հրատարակէ Ցեղասպանութեան մասին Ալֆրետ Տը Զայասի գիրքը
Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին ընդառաջ, Հայկազեան համալսարանը շրջանառութեան դրաւ միջազգային իրաւագէտ, դոկտոր Ալֆրետ Տը Զայասի անգլերէն «Տը ճենոսայտ ըկէյնսթ տը արմինիընզ 1915-1923 էնտ տը ռելեվընս աֆ տը 1948 ճենոսայտ քոնվենշըն» գրքոյկը, որ վերամշակուած տարբերակն է 20-21 ապրիլ 2005ին, Երեւանի մէջ կայացած «Ալթիմէյթ քրայմ ալթիմէյթ չալընճ» խորհրդաժողովին իր ներկայացուցած ուսումնասիրութեան:
Այս ուսումնասիրութեամբ, փրոֆեսոր Տէ Զայաս կը վերահաստատէ իր իրաւաբանի թեզը, թէ 1948-ին որդեգրուած Ցեղասպանութեան ուխտը կ՚առնչուի Հայոց ցեղասպանութեան:
Վկայակոչելով Ի. դարու պատմաիրաւական եւ դատական դրուագներ, որոնք նախորդած եւ յաջորդած են 1948-ի Ցեղասպանութեան ուխտին, հեղինակը կը հիմնաւորէ իր թեզը՝ նշելով, թէ.
ա. Ցեղասպանութեան ուխտը ունի զինք նախորդած ցեղասպանութիւններուն առնչուելու իրաւասութիւն։
բ. Ան նոր ոճիր մը չի յայտնաբերեր, այլ՝ առկայ միջազգային օրէնք մը կ'ամրապնդէ։
գ. Ցեղասպանութեան իրաւական արժէքը ժամանակային սահմանափակում չունի։
դ. Թուրքիան կը հանդիսանայ ցեղասպան Օսմանեան կայսրութեան իրաւական ժառանգորդը։
ե. Թուրքիան կը շարունակէ ցեղասպանութիւնը՝ քանդելով հայկական պատմամշակութային յուշարձանները:
Իբրեւ եզրակացութիւն՝ հեղինակը կոչ կ'ուղղէ միջազգային ընտանիքին առնելու համապատասխան քայլեր՝ ապահովելու համար հատուցումը զոհերուն եւ մերժելու հողատիրացման ու սպաննուած զոհերու ունեցուածքի իւրացումը, որոնք Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն են:
Փրոֆեսէոր Տը Զայասի լուսաբանող այս գրքոյկը միջազգային իրաւունքի հիմնաւորումով իրաւական արժէքաւոր պաշտպանութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղիին:
Լիբանանի մէջ գրքոյկը կարելի է գնել Հայկազեան համալսարանէն (publications@haigazian.edu.lb), ինչպէս նաեւ Համազգայինի ու Շիրակ գրախանութներէն: Գին` 10 ամ. տոլար:




