Արաբական Աշխարհին Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումն Ու Ընդլայնումը՝ Հայաստանի Առաջնահերթութիւններէն

15-16 Յունիս Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արաբական լիկայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով Արաբական լիկայի պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի եւ արաբական-եւրոպական համագործակցութեան վարչութեան պետ Ֆարիս Ապտել Քարիմի, աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին նշուեցաւ, որ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումն ու ընդլայնումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ այդ պատճառով ալ որոշում տրուած է արաբական երկիրներուն մէջ Հայաստանի դիւանագիտական նոր ներկայացուցչութիւններ հիմնելու վերաբերեալ։
Կողմերը համաձայն գտնուած են պարբերական հանդիպումներու միջոցով շարունակել համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։


