Օգոստոս 30, 2010
Հոկտեմբերին Պիտի Գումարուի Թրքական Համաշխարհային Ժողովը
ԱՆԳԱՐԱ.- Հոկտեմբեր 20-22ին, Թուրքիոյ Մերտին քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային թրքական համաժողովը «Թրքական դաշինք, թրքական սփիւռք. սոցիալ-տնտեսական կապեր» նիւթով: Համաժողովի կազմակերպիչը TASAM թուրք-ասիական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնն է:
Համաշխարհային թրքական համաժողովի օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ նաեւ «թրքական աշխարհի համագործակցութիւնը ընդդէմ հայկական Եղեռնի»:
«« վերադարձ ««



