ԻՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԻՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայի անձամբ բացատրութիւն տուած է այն տեղեկութեան առնչութեամբ, ըստ որուն, ան օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն կատարած է հայերու դէմ։
Այդ նիւթին վերաբերող մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իրանի փոխնախագահը հերքած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ որոշ լրատուամիջոցներու տարածած եւ իրեն վերագրուած խօսքերը՝ պահանջելով սրբագրել «սխալ» տեղեկութիւնը։
«Նշանակութիւն չունի, թէ ո՛ր երկրի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ տարածուած է այդ տեղեկութիւնը։ Մենք կը պահանջենք, որ անիկա սրբագրուի։ Կը սպասենք, որ հրապարակուի մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Կը յայտարարենք՝ անոնք սխալ բան ըրած են», ըսած է Իրանի փոխնախագահը՝ նախազգուշացնելով նաեւ Իրանի լրատուամիջոցները՝ կեղծ տեղեկութիւններու տարածման հարցէն զերծ մնալու։
Համիտ Պաղայի նաեւ նշած է, որ Իսրայէլ բոլոր միջոցներով կը փորձէ խոչընդոտել թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու խորացումը։ Ան յայտարարած է, որ «սիոնական վարչակարգը չ'ուզեր, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները զարգանան։ Սիոնականները, աղաւաղելով բառերը, տարբեր մեկնաբանութիւններով որեւէ նիւթ կ'օգտագործեն իրենց օգտին…Այսօր մենք Թուրքիոյ հետ ունինք ռազմավարական, առողջ եւ ուժեղ յարաբերութիւններ։ Մենք յարգանքով կը վերաբերինք շրջանի ամէնէն կարեւոր երկիրներէն մէկուն՝ Թուրքիոյ»։
Օրեր առաջ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը մէջբերած էր Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայիի խօսքերը։ Ան յայտնած էր, թէ «հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն գործեց որոշ թիւով հայերու դէմ»։
Իրանի փոխնախագահին այդ յայտարարութիւնը անհանգստացուցած էր Անգարան, եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիին եւ յայտնած Անգարայի մտահոգութիւնը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը բացատրութիւններ տուած էր այդ հարցին վերաբերեալ եւ խոստացած, որ Պաղայի եւս անձամբ բացատրութիւն պիտի տայ։
«« վերադարձ ««



